– 2016ի նախագահական ընտրութիւններուն մէջ ռուսական միջամտութիւնը 24 Յուլիսին դարձեալ քաղաքական օրակարգի գլխաւոր նիւթ դարձաւ, երբ այդ հարցը հետապնդած յատուկ դատախազ Ռապըրթ Միւլըր վկայութիւն տուաւ Քոնկրեսին մէջ։ Մինչ դեմոկրատները պահանջեցին ռուսական բացայայտ միջամտութեանց եւ Թրամփի ընտրապայքարի խումբին հետ կապերուն, ինչպէս նաեւ հետապնդումը կասեցնելու նախագահին ջանքերուն շուրջ հետաքննութիւնը շարունակել, հանրապետականները գլխաւորաբար փորձեցին վարկաբեկել Միւլըրը։
– Վեց անձեր, ներառեալ երեխայ մը վիրաւորուեցան, երբ Սուրիայէն արձակուած երկու հրթիռներէն մէկը ինկաւ Ուրֆա նահանգին մէջ, հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: