«Ստեղծարար Հայաստան»ը (Creative Armenia) եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) սիրով կը յայտարարեն 2020ի Creative Armenia-AGBU Fellowship-ներու մեկնարկը՝ մէկամեայ ծրագիր, որ ստեղծուած է նպաստելու աշխարհի նորարար հայ արուեստագէտներուն: Նիւթական եւ խորհրդատուական ամբողջական փաթեթ տրամադրող այս ծրագիրը նորարար արուեստագէտներուն ստեղծագործական վերելքի հասնելու հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ: Յայտերը կ՛ընդունուին մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2019:
«Ասիկա եզակի հնարաւորութիւն է արուեստի տարբեր ոլորտներու մէջ գործող յառաջադէմ արուեստագէտներու համար, որոնք պատրաստ են իրենց ստեղծարար վերելքին», յայտնեց «Ստեղծարար Հայաստան»ի փոխտնօրէն Ալեք Մուհիբեան:
«Ստեղծարար Հայաստան»ը մշակութային հիմնադրամ է հայ ժողովուրդին համար, որ նպատակ ունի յայտնաբերելու, զարգացնելու ու խթանելու ստեղծարար արուեստագէտներուն: Սփիւռքահայութեան վստահութիւնը վայելող ՀԲԸՄը տասնամեակներ շարունակ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ հայ արուեստագէտներուն՝ առաջարկելով կատարողական արուեստներու համալսարանական կրթաթոշակներ, ամառնային աշխատափորձեր եւ մասնագիտական ծրագիրներ, ինչպիսիք են՝ «Երաժշտական Հայաստան»ը եւ «Սայաթ -Նովա» միջազգային ստեղծագործական մրցոյթը, որոնք կը գտնուին Ամերիկայի (2012ին) եւ Եւրոպայի (2016ին) մէջ հաստատագրուած ՀԲԸՄի Կատարողական արուեստներու բաժինի հովանիին տակ:
«Մշակոյթը ՀԲԸՄի առաքելութեան հիմնարար սիւներէն մէկն է», ըսաւ ՀԲԸՄի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Անի Մանուկեան: «Ծրագիրը մասնագիտական զարգացման նոր, նշանակալի հարթակներ կը տրամադրէ՝ հնարաւորութիւն տալով արուեստագէտներուն իրենց աշխատանքները ներկայացնելու յայտնի խորհրդատուներու դատին, որոնք իրենց հերթին հաստատուած տաղանդաւոր արուեստագէտներ են»:
2019ին նպաստներ ստացած են արուեստի զանազան ոլորտներէ հինգ արուեստագէտներ. թատրոնի եւ օփերայի բեմադրիչ Արթուր Մակարեան, գրող եւ կատակերգութեանց հեղինակ Նարեկ Մարգարեան, գեղանկարիչ Բուրչին Բաշար, երաժիշտ Արիկ Գրիգորեան եւ շարժապատկերի բեմադրիչ Վիկտորեա Ալեքսանեան: Անոցմէ իւրաքանչիւրը այժմ կ՛օգտուի իր աջակցութեան ամբողջական փաթեթէն:
2020ի ծրագիրը կը ներառէ վեց բացառիկ արուեստագէտներ, որոնց մէկ տարուան ընթացքին պիտի տրամադրուին զարգացման մշակուած ռազմավարութիւններ, ոլորտի առաջատար մասնագէտներու հետ կապեր հաստատելու հնարաւորութիւններ, խորհրդատուներու հետ անհատական հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ 5000 ամերիկեան տոլար դրամաշնորհ:
Դրամաշնորհներուն կրնան դիմել ազգութեամբ հայ արուեստագէտները, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են հայկական մշակոյթի նկատմամբ եւ ունին արուեստի ոլորտին մէջ նկատելի ձեռքբերում: Այլ պահանջներ չկան: Արուեստի որեւէ ոլորտէ եւ աշխարհի որեւէ տարածաշրջանէ արուեստագէտներ կրնան դիմել: Մասնակցեղներուն՝ Հայաստանի մէջ ներկայութիւնը պարտադիր չէ:
Յայտերը կ՛ընդունուին մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2019,
creativearmenia.org/fellowships եւ agbu.org/creativearmenia կայքէջերուն մէջ:
Հարցումներու համար գրեցէք Ալեք Մուհիբեանին՝
alec@creativearmenia.org հասցէով եւ Հայկ Արսէնեանին՝
harsenyan@agbu.org հասցէով: