ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան գիտական յանձնախումբին, Շաբաթ, 27 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ մինչեւ կ.ե. ժամը 2 տեղի պիտի ունենայ համակարգիչներու ծրագրումի յատուկ «C#» լեզուի ծանօթացման աշխատանիստ մը։
Աշխատանիստին մասնակցողներուն թիրախը պիտի ըլլայ հաշուիչ մեքենայի մը յաջող աշխատանքի ծրագիրը պատրաստել համակարգիչներու «C#» լեզուի օգտագործումով։
Մասնակցողները պէտք է իրենց հետ բերեն իրենց համակարգիչները։
Աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ «Նուրքոն» ընկերութեան սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 3900 W. Alameda Ave. (12րդ յարկ), Burbank, CA 91505։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար՝ այցելել www.meetup.com/AESAComputer/events/262306562 կայքէջը։