ԵՐԵՒԱՆ.- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրանսա:
Փարիզի մէջ, նախագահ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ ֆրանսական շարք մը մեծ ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ՝ նպատակ ունենալով քաջալերել զանոնք՝ այցելելու Հայաստան, ծանօթանալու համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններուն եւ գործնական քայլեր առնելու՝ ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ:
Կը նախատեսուի նաեւ նախագահին այցելութիւնը փարիզեան արուարձան Սեւր քաղաքը, ուր Արմէն Սարգսեան պիտի հիւրընկալուի Մխիթարեան միաբանութեան Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ: