ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 23 Յուլիսի գիշերը, Այա Իրինի յունաց եկեղեցւոյ մէջ փառաւոր հանդիսութեամբ մը ծանօթացուեցաւ համացանցային նոր կայք մը (www.akdamarkilisesi.gov.tr), որ նուիրուած է Վանի Աղթամար կղզիին եւ անոր վրայ գտնուող Ս. Խաչ եկեղեցւոյ։ Այս կայքը պատրաստուած է Թուրքիոյ նախագահութեան հաղորդակցութեանց վարչութեան կողմէ եւ համապարփակ եռալեզու (թրքերէն, անգլերէն եւ արեւմտահայերէն) տեղեկատուութեան կողքին կ՛ընդգրկէ գեղեցիկ եւ խօսուն լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր։ Նշենք, որ կայքը ներկայիս ունի միայն անգլերէն եւ թրքերէն տարբերակներ միայն։
Ըստ Թրքական «Սէօզչու» թերթին՝ կայքին շնորհահանդէսին ընթացքին նախագահականի հանրային կապերու բաժինի վարիչ Ֆահրետտին Ալթուն նշեց, որ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն եւ յատկապէս հայերուն համար կարեւոր հոգեւոր կեդրոն հանդիսացող Աղթամարի կղզիին փորձած է տէր կանգնիլ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան՝ «պատմական գիտակցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան գիտակցելով»: Ան շեշտեց, թէ Աղթամար կղզին պիտի դառնայ հոգեւոր զբօսաշրջութեան կեդրոն:
«Անատոլիան զանազան մշակոյթներու ու կրօններու խճանկար է: Հայ համայնքը անոր մէկ մասն է: Հարիւրաւոր տարիներ միասին ապրած ենք, եւ ստեղծուած բարեկամական կամուրջը պէտք է ամէն տեսանկիւնէ ամրացնենք ու աշխարհին օրինակ ըլլանք», ըսաւ Ալթուն:
Այս առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ Աղթամար կղզիի եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որուն բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ նախագահականի ներկայացուցիչներ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան, Վանի նահանգապետ Մեհմեթ Էմին Պիլմեզ, ցուցահանդէսի լուսանկարներու հեղինակ, լուսանկարիչ Իզզեթ Քերիպար:
Նախ ցուցադրուեցաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմ մը, ապա ընթերցուեցաւ նախագահ Էրտողանի ուղերձը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Սահակ եպս. Մաշալեան, որ ըսաւ. «Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին 1100 տարուան պատմութիւն ձգած է թիկունքին եւ կը շարունակէ իր ընթացքը դէպի հազարամեակներ: Այս ձեռնարկը շատ աւելին է, քան սովորական լուսանկարներու ցուցահանդէս մը: Սա միջազգային ասպարէզին մէջ ճանաչում ապահովելուն ուղղուած աւելի մեծ նախագիծին մէկ մասն է: Աշխարհը պէտք է աւելի մօտիկէն ճանչնայ մեր երկրին մշակութային եւ քաղաքակրթական հարստութիւնները: Պատմութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ սկսած է եւ մեր ժողովուրդի արմատները թաղուած են այս հողերուն մէջ»:
Նշենք, որ տպագրուած է նաեւ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ ճարտարապետութիւնը մանրամասնօրէն նկարագրող գիրք մը, որուն մէջ տեղ գտած են բազմաթիւ լուսանկարներ: