ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Չորեքշաբթի, 24 Յուլիսին ընդունեց «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնարկի ներկայացուցիչները՝ կազմակերպութեան հիմնադիր-տնօրէն Լարիսա Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ:
Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարեց «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»ի գործունէութիւնը, ընդգծելով որակեալ կրթութեան անհրաժեշտութիւնը երկրին զարգացման համար:
«Եթէ կը խօսինք ժամանակակից երկրի մը մասին, պէտք է հասկնանք, որ ժամանակակից երկիրը ժամանակակից կրթութիւնն է, որակեալ եւ կրթուած մասնագէտները», ընդգծեց նախագահը:
Լարիսա Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ «Կրթութիւն բոլորին համար» միջազգային ցանցին հետ գործակցութեամբ՝ աշնան կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ կազմակերպել «Ինչպէս նախապատրաստել երիտասարդները յարափոփոխ աշխարհը կերտելու համար» խորագիրով միջազգային համաժողով:
Սարգսեան ողջունեց այդպիսի հեղինակաւոր համաժողովի մը կազմակերպումը, եւ իր մասնակցութիւնը բերելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:
Յովհաննիսեան խօսեցաւ նաեւ իրենց նոր նախաձեռնութեան՝ «Առողջ Հայաստան» հիմնարկին մասին՝ տեղեկացնելով, որ անիկա հիմնուած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական ծրագիրի օրինակին եւ փորձառութեան հիման վրայ:
«Health for Armenia» հիմնադրամը պիտի հաւաքագրէ ընտանեկան բժիշկներ եւ բուժակներ եւ զանոնք պիտի գործուղէ այն գիւղերը, ուր անոնց կարիքը կը զգացուի: