ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Արեւիկ Անափիոսեան, «Հայկական ակնաբուժական նախագիծ»ի եւ Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է դպրոցականներու աչքի զննումներու կազմակերպման «Աւետիս» խորագիրով նոր՝ փորձառական ծրագիրի ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր:
Այս ծրագիրով Հայաստանի մէջ 2018-2019ին, ծնողներու համաձայնութեամբ, ելեկտրոնային համակարգի միջոցով, շուրջ 20,000 երեխաներու աչքերը քննուած են: Երեխաներէն 10,000ը՝ Երեւանէն, մնացեալ 10000ը մարզերէն են:
Կը նախատեսուի դիմել միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու՝ ծրագիրին ծաւալները ընդլայնելու նպատակով:
Արեւիկ Անափիոսեան ընդգծեց, որ հիւանդութիւններու կանխարգիլումը առաջնահերթ նշանակութիւն ունի նախարարութեան համար:
«Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծ» բարեգործական կազմակերպութիւնը իր գործունէութեան առաւել քան 27 տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացուցած է շուրջ 25 բարեգործական ծրագիրներ՝ տրամադրելով ակնաբուժական ծառայութիւններ Հայաստանի բոլոր մարզերու քաղաքային եւ գիւղական համայնքներու բնակչութեան: