ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Պրյթպարթ» (Breitbart) կայքին վրայ հրապարակուած Ֆրենսիս Մարթելի յօդուածը կը նկարագրէ թրքական լոպիիստական ջանքերը Քոլոմպիոյ Արմէնիա քաղաքին մէջ, որ հիմնուած է 1889ին եւ նախապէս կը կոչուէր Վիլլա Հոլկին:
Ըստ «Ուիքիփետիա»ի՝ հարաւամերիկեան այս քաղաքը իր անունը փոխած է եւ անուանուած Արմենիա՝ «ի յիշատակ հայ ժողովուրդին, որ կոտորուած է թուրք օսմանցիներու կողմէ 1894էն 1897 թուականներու համիտեան ջարդերուն, իսկ աւելի ուշ՝ 1915-1923 թուականներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ»:
Որոշ պատմաբաններ կը վիճարկեն այս հաստատումը՝ քաղաքի անուան ծագումը վերագրելով Հայաստանի մասին Աստուածաշնչեան յիշատակութեան:
Պոկոթայի (Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք) մօտ թուրք դեսպան Էսէ Օզթուրք Չիլ 14 Դեկտեմբեր 2018ին եւ 11 Յունուար 2019ին երկու նամակ յղած է Քոլոմպիոյ Արմէնիա քաղաքի քաղաքապետին՝ զայն եւ քաղաքապետական խորհուրդի տասը անդամները այցելութեան հրաւիրելով Թուրքիա՝ իբրեւ թրքական կառավարութեան պաշտօնական հիւրերը:
3 Փետրուար 2019ին, կիրակնօրեայ գիշերային յատուկ նստաշրջանի մը ընթացքին, Արմէնիայի քաղաքապետական խորհուրդը 12 թեր եւ 6 դէմ քուէարկութեամբ հաստատեց քաղաքապետ Օսքար Քասթելլանոսի եւ Արմէնիայի քաղաքապետական խորհուրդի ինն անդամներուն այցելութիւնը Թուրքիա՝ 6էն 13 Փետրուար 2019ի համար: Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները տեսակցեցան Պոլսոյ եւ Անգարայի քաղաքապետներուն ու Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ եւ այցելեցին Անգարայի համալսարանի Լատինական Ամերիկայի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը: Անոնք տեսակցեցան նաեւ թուրք գործարարներու հետ եւ այցելեցին Կապոյտ մզկիթը եւ Կրանտ պազարը:
Ուղեւորութիւնը բուռն վէճերու առիթ դարձաւ Քոլոմպիոյ մէջ: Արմhնիա քաղաքի բազմաթիւ բնակիչներ դէմ էին այդ այցելութեան՝ քաղաքապետին եւ ինn անդամներուն քաղաքէն բացակայութեան պատճառով, այն ժամանակ, երբ քաղաքը կը գտնուէր տնտեսական խառնաշփոթ վիճակի եւ վատ ղեկավարման մէջ:
Վերջին երեք տարիներուն, Արմենիայի հինգ քաղաքապետները գործէ արձակուած էին կաշառակերութեան պատճառով: Քաղաքացիները կը կարծէին, որ նոր քաղաքապետը պէտք է մնար տունը եւ հոգ տանէր քաղաքի գործերուն: Տարածաշրջանային գլխաւոր դատախազը քննութիւն բացաւ թրքական ուղեւորութեան վերաբերեալ՝ քաղաքապետին եւ խորհուրդի անդամներուն կողմէ կատարուած խախտումները ստուգելու համար: Անոնք նաեւ պէտք է քննեն՝ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին անոնց «առատաձեռն» հիւրընկալողներէն ստացուած կաշառքները կամ հաստատեն նուէրները:
Քոլոմպիական տեղական «Սեմանա» հրատարակութիւնը հաստատեց Արմէնիայի՝ Թուրքիոյ եւ Ցեղասպանութեան միջեւ եղած կապը. «…Կը պարզուի, որ (Քոլոմպիոյ) Արմէնիայի (քաղաքապետական) խորհուրդը 2014ին, թիւ 08 համաձայնագիրներով որոշած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլ 24ը հռչակել իբրեւ պաշտօնական յիշատակի օր՝ ի նշան համերաշխութեան այն երկրին հետ, որ քոլոմպիական քաղաքին պէս կը կրէ նոյն անունը: Այնուհետեւ, խորհուրդը վաւերացուց այդ կապերը 2015ի թիւ 075 արձանագրութեամբ, որով անոնք ձգտեցան բարեկամական կապեր հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ…»:
Իբրեւ պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման՝ «Սեմանա» բացատրեց, որ «ամէն ինչ կարծես ցոյց կու տայ, որ թրքական կառավարութեան հրաւէրին պատճառը քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն այլ տարբերակի տրամադրումը եղած է այն ցաւալի պատմական դրուագին հանդէպ, որ ցոյց կու տայ, թէ այդ երկիրը պատասխանատու է Ցեղասպանութեան համար»:
«Ինչպէս կը յիշէք, այն, ինչը այսօր յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, տեղի ունեցած է 1915ին, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի օրերուն, եւ թէեւ թիւերը տակաւին կը քննարկուին, խօսքը սակայն կը վերաբերի նուազագոյնը 300 հազար եւ առաւելագոյնը 1.5 միլիոն մարդկային կորուստներու: Այդ բնաջնջման զոհերը հայերն էին, որոնք իբրեւ իրենց դահիճը կը մատնանշեն Օսմանեան կայսրութիւնը՝ այսօրուան Թուրքիան», հաղորդեց «Սեմանա»:
«Սեմանա» կը հետաքրքրուի, որ արդեօք քաղաքապետարանի պաշ-տօնեաները, Թուրքիա կատարած իրենց այցելութեան իբրեւ հետեւանք՝ կրնա՞ն որոշել չեղեալ համարել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Այդ օրերուն, ուղեւորութենէն ետք, միակ նոր զարգացումը օսմանեան ժամանակաշրջանի հագուստ կրող տղամարդու որմնանկարին յայտնուիլն է Արմէնիայի քաղաքապետարանի շէնքի պատին: «Պրայթպարթ» տեղեկացուց, որ որմնանկարը «պատմական ոչ մէկ աղերս ունի քաղաքին հետ» եւ «կը շփոթեցնէ ու կը զայրացնէ բազմաթիւ բնակիչներ…:
Տարածաշրջանային La Cronica de Quindio թերթը հաղորդեց, որ տեղացիները շփոթած կը թուին ըլլալ, իսկ ոմանք՝ վրդոված, այդ թանկարժէք որմնանկարէն, որ, անոնց կարծիքով, որեւէ կապ չունի իրենց ժառանգութեան հետ»:
«Պրէաթպարթ» մէջբերեց խօսքերը Մարիսելա Մոնթեզ անունով տեղացի կնոջ մը, որ La Cronica de Quindio թերթին ըսած է. «Ես իրապէս չեմ հասկնար, թէ Արմէնիան (քոլոմպիական քաղաքը) ի՞նչ կապ ունի Թուրքիոյ հետ: Կը կարծեմ, որ անոնք պէտք է վճարեն այդ կարճատեւ ուղեւորութեան համար, զոր կատարած են…: Անտրամաբանական է, որ ասոր պէս բան մը նկարուած է նման գեղեցիկ հաստատութեան մէջ»:
Թերթը մեջբերեց նաեւ խօսքերը ուրիշ բնակիչի մը, որ կ՛ըսէ, թէ ինք ոչ թէ զայրացած է, այլ պարզապէս «շփոթած»: «Մենք շփոթած ենք, որովհետեւ չենք հասկնար, թէ ի՛նչ կապ ունի սուլթանը Արմէնիա (քաղաքին) հետ: Ի՞նչ կը կատարուի մեզի հետ: Կը խնդրեմ, որ պետական լուրջ գործիչները ստանձնեն այս քաղաքին ղեկավարումը: Ասիկա իսկապէս սարսափելի է մեր մայրաքաղաքին համար», La Cronica-ին յայտնեց Խորխէ Ճարամիլօ:
«Որմնանկարը անհեթեթութիւն է…: Ասիկա հանրային կառոյց է, որ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի…: Հոս եղած է մեր պատկերասրահը, իսկ հիմա անոնք ամբողջովին կը փոխեն անոր էութիւնը», El Tiempo թերթին յայտնեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Լուիզ Կիյերմօ Ակուտելօ:
«Խորհուրդը չի քննարկեր միայն Թուրքիոյ մշակութային ծառայութիւնները: Այժմ անոնք բացայայտ կերպով կը քննարկեն քաղաքին կողմէ 2014ին ընդունուած հռչակագիրին փոփոխութեան հարցը, որուն միջոցաւ քաղաքապետարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը», յայտնեց «Պրայթպարթ»:
Մինչեւ հիմա թրքական հրաւէրը հակառակ ազդեցութիւնը ունեցած է Թուրքիոյ վրայ, որովհետեւ Քոլոմպիոյ լրատուական միջոցներուն մէջ անիկա յառաջ բերած է բազմաթիւ քննարկումներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, իսկ քաղաքապետը եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները հարցեր ունեցան օրէնքի հարցերուն պատճառաւ:
Պրազիլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, որ հաւատարմագրուած է նաեւ Քոլոմպիոյ մէջ, պէտք է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկէ թրքական լոպիիստական ջանքերուն հակազդելու համար: Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքները եւս պէտք է ձեռնամուխ ըլլան նման գործողութիւններու: Անոնք նաեւ պէտք է ջանք թափեն, որ քաղաքապետական խորհուրդը չեղեալ չհամարէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին իր նախկին որոշումը եւ ձերբազատի օսմանեան որմնանկարէն: