ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 18 Յուլիսին, եւրոպական ֆութպոլի ակումբներու 2019-2020 տարեշրջանի «Եուրոփա» մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն, Երեւանի «Ալաշկերտ»ը Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ 3-0 արդիւնքով (կիսախաղ 1-0) յաղթանակ մը արձանագրեց հիւրընկալ կազմին՝ «Մակեդոնիա Կիօրչէ Փեթրով»ի դէմ, մրցաշարքին երկորդ հանգրուանին հասնելով։
Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երթի մրցումին, «Ալաշկերտ» 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր։
Նոյն մրցաշարքի ծիրին մէջ, Երեւանի «Բանանց»ը Ա. հանգրուանի դարձի մրցումին իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պելկրատի «Չուքարիչքի»ին (Սերպիա)։ Երթի մրցումին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած «Բանանց»ը դարձի մրցումին կրեց աւելի ծանր պարտութիւն մը, այս անգամ 5-0 արդիւնքով, եւ հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:
Միւս կողմէ, Եւրոպայի ֆութպոլի դաշնակցութեան կազմակերպած Ախոյեաններու 2019-2020 տարեշրջանի մրցաշարքին Ա. հանգրուանի դարձի ճակատումներուն, Հայաստանի ախոյեան «Արարատ-Արմէնիա»ն Սթոքհոլմի մէջ 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ 0-0) պարտութիւն մը կրեց Շուէտի ախոյեան «Ա.Ի.Ք.» խումբէն։ Նկատի ունենալով, որ երթի մրցումին հայկական խումբը միայն 2-1 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց, անիկա ընդհանուր հաշիւով 4-3 արդիւնքով պարտութիւն կրեց: Այսպիսով, Վարդան Մինասեանի մարզած խումբը դուրս մնաց մրցաշարքէն եւ յաջորդ մրցումը պիտի ունենայ «Եուրոփա» մրցաշարքի ծիրին մէջ։