ԵՐԵՒԱՆ.- Իջեւանի մէջ Չորեքշաբթի, 17 Յուլիսին ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներէն ետք ձերբակալուեցան 22 անձեր: Քննչական կոմիտէն յայտարարեց, որ ձերբակալուածները՝ իբրեւ զէնք օգտագործուող առարկաներու գործածութեամբ խուլիկանութիւն կատարելու կասկածանքին տակ են:
Հայաստանի ոստիկանութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Աշոտ Ահարոնեան յայտնեց, որ զանազան վնասուածքներ ստացած 11 ոստիկաններ տարուեցան հիւանդանոց: Վնասուածքները հասցուած են գլխաւորաբար նետուած քարերով եւ փայտէ ձողերով:
Ըստ Ահարոնեանի՝ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեան Չորեքաբթի գիշերուընէ ի վեր Իջեւան կը գտնուի:
Ճանապարհները բացուած են: Իջեւանի մէջ ոստիկանութեան զանազան ստորաբաժանումներու ծառայողներ կը վերահսկեն իրավիճակը:
Քննչական կոմիտէի մամլոյ քարտուղար Նաիրա Յարութիւնեան յայտնեց, որ Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած բախումներու փաստերով յարուցուած է քրէական գործ:
Իջեւանի մէջ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ Հինգշաբթի, 18 Յուլիսին, կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարեց. «Երէկուայ դէպքերի մեղաւորները, ինչպէս նաեւ ապօրինի ծառահատումների կազմակերպիչները պիտի պատժուեն խստութեամբ: Ապօրինի ծառահատումները կասեցնելու ենք ամենայն վճռականութեամբ:
Ես ուզում եմ յստակ լինենք. ոչ մի կոմպրոմիս (զիջում-Խմբ.) չի լինելու, ոչ մի ապօրինի կոմպրոմիս չի լինելու: Ես շատ յստակ խնդիրը դնում եմ իրաւապահ համակարգի առաջ եւ այստեղ ոստիկանութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, միւս իրաւապահ մարմինների գործունակութեան խնդիրն է դրուած: Ապօրինի գործունէութեան հետ ոչ մի կոմպրոմիս չի լինելու: Հայաստանի կառավարութեան հետ որեւէ մէկը չի կարող շանտաժով խօսել, եւ սա գործնականում կեանքի կոչելը իրաւապահ համակարգի խնդիրն է»:
Ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան եւս անթոյլատրելի համարեց բոլոր անօրինական գործողութիւնները՝ հասարակական կարգի դէմ ուղղուած: «Հանդուրժող չենք լինելու որեւէ մէկի նկատմամբ, բոլորը իրենց կատարած արարքի համար պէտք է կրեն օրէնքի նախատեսուած պատիժը», յայտարարեց Օսիպեան:
Նշենք, որ Չորեքշաբթի օր Իջեւանի մէջ քանի մը հարիւր քաղաքացիներ փակած էին միջպետական մայրուղին՝ բողոքելով անտառահատումներու արգելքին դէմ: Բախումները սկսան, երբ ոստիկանները փորձած են բանալ ճանապարհը:
Ոստիկանութեան բանբեր մը մանրամասնելով Իջեւանի իրադարձութիւնները՝ յայտնեց, որ Չորեքշաբթի օր, շուրջ հինգ հարիւր անձեր, փակելով ճանապարհը՝ պահանջած են հանել պահակակէտերը, որպէսզի կարենան մարզէն դուրս բերել ապօրինի հատուած ծառերը՝ վաճառելու նպատակով:
«Ժամը 18:00ի շրջանում չենթարկուելով Ոստիկանութեան օրինական պահանջներին եւ փակելով արդէն բաւական մեծ քանակով՝ մօտ 500 հոգով մայրուղին, ոստիկանութիւնն օրէնքի շրջանակում պատնէշ էր կազմել եւ ուզում էինք բացել փողոցները: Այդտեղ տեղի ունեցաւ բախում, եւ այդ բողոքաւոր հատուածը՝ քարերով, փայտերով, մահակներով, վնասուածքներ պատճառեցին մեր մի խումբ ոստիկաններին՝ 12 հոգու եւ 2 քաղաքացի տեղափոխուել էին Իջեւանի բժշկական կենտրոն: Այո, փառք Աստծոյ, որ վնասուածքները լուրջ չեն եւ վտանգաւոր չեն: 8 հոգի այժմ հոսպիտալացուած են (բժշկուած են-Խմբ.) Ոստիկանութեան հոսպիտալում, վիճակը բաւարար է, 2ը կը մնան, 6 կը գնան ամբուլատոր (ժամանակաւոր, շրջուն-Խմբ.) հսկողութեան տակ»:
Շրջակայ միջավայրի նախարար Էրիկ Գրիգորեան կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ վճռականօրէն պիտի պայքարին ապօրինի անտառահատումներուն դէմ: Իրենց աշխատանքը արդէն իսկ արդիւնք տուած է Սիւնիքի մարզին մէջ, ուր էականօրէն նուազած են նման դէպքեր: Այժմ նոյն գործընթացը կը շարունակուի Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ:
Ըստ տարբեր փորձագիտական գնահատականներու՝ տարեկան 500 հազար խորանարդ մեթրէն մինչեւ մէկ միլիոն խորանարդ մեթր անտառ հատուած է. այսինքն՝ թուային արտայայտութեամբ՝ տարեկան 40 միլիոն տոլարի վնաս: