ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդանոցներուն մէջ, 2019ի առաջին կիսամեակին ծնած են 925 երեխաներ, որոնցմէ 467ն տղաներ են, իսկ 458ը՝ աղջիկներ:
Ստեփանակերտի մէջ ծնած են 781 երեխաներ, Մարտակերտի մէջ՝ 80, Մարտունիի մէջ՝ 47, Հադրութի մէջ՝ 16 եւ Շահումեանի մէջ՝ 1: Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընդհանուր ծնելիութիւնը առաջին կիսամեակին եղած է 973 երեխաներ, որոնցմէ 493ը՝ տղաներ, 480ը՝ աղջիկներ:
Նշենք, որ նախորդ տարուան վեց ամիսներուն հետ համեմատած՝ Արցախի մէջ ծնունդները նուազած են. 2018ի առաջին կիսամեակին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդանոցներուն մէջ ծնած էին 1057 երեխաներ: