ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սահմանադրական դատարանը 18 Յուլիսին որոշեց կասեցնել Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին եւ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումներուն հիման վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի 300.1րդ յօդուածի՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցը որոշելու վերաբերեալ գործերու վարոյթները:
«Սոյն թուականի Յուլիսի 18ին Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանն ընդունեց աշխատակարգային որոշումներ՝ «Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի դիմումների հիման վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի 300.1րդ յօդուածի՝ Սահմանադրութեանը համապատասխանութեան հարցը որոշելու վերաբերեալ» գործերով խորհրդատուական կարծիք ստանալու նպատակով Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանին եւ Վենետիկեան յանձնաժողովին դիմելու եւ այդ կապակցութեամբ յիշեալ գործերի վարոյթները՝ մինչեւ պատասխանները ստանալը, «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքի 56րդ յօդուածի առաջին մասի 5րդ կէտի հիմքով կասեցնելու վերաբերեալ», կը նշուի Սահմանադրական դատարանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: