Կիրակի, 14 Յուլիսին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան եւ իր պատուիրակութիւնը ժամանեցին Դամասկոս:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին շրջանի ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգային, քաղաքական ժողովի, տնտեսական, կրթական ներկայացուցիչները եւ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի ներկայացուցիչը:
Սրբազան հայրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցան Դամասկոսի ՀՅԴ կոմիտէի անդամներուն եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանին, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ կրթական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, սկաուտներուն, պատանիներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:
Մասիս եպս. Զօպուեան եւ պատուիրակութիւնը նախ այցելեցին Ազգային Միացեալ վարժարանի վերանորոգուող կառոյց-համալիրը: Սրբազան հայրը մօտէն ծանօթացաւ եւ իրազեկ դարձաւ վերաշինութեան աշխատանքներուն եւ բարձրօրէն գնահատեց կատարուած աշխատանքը, յաջողութիւն մաղթելով կրթական հաստատութեան: Ապա, սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ իր հօտին հետ «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս:
Ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան: Ան ջերմօրէն շնորհաւորեց սրբազան հայրը Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն եւ Դամասկոս այցելութեան ուրախալի առիթներով, որոնք մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին գաղութին մէջ եւ յոյս ներշնչեցին ապագայի նկատմամբ: Ապա ան սրբազան հօր մաղթեց արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ միութիւններուն եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի իրավիճակին եւ գործունէութեան:
Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան հանդէս եկաւ շնորհաւորական եւ ողջոյնի խօսքով: Ան ըսաւ. «Այսօր դամասկոսահայերը անգամ մը եւս ցնծութեան եւ բերկրանքի պահեր կ՛ապրին ընդունելով նորընտիր առաջնորդը՝ արաբական ոճ եւ հայկական շունչ վայելող այս համեստ տան մէջ: Արդէն թօթափեցինք պատերազմի ութը տարուան դժուարութիւնները եւ մեզի համար սրբազան հօր Դամասկոս այցելութիւնը մեծ պատիւ է»: Դոկտ. Արիսեան այնուհետեւ բարի երթ մաղթեց սրբազան հօր:
Շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին միութիւններու ներկայացուցիչները եւ Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութիւնը:
Ապա սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին՝ ըսելով. «Դամասկոս մայրաքաղաք այցելելը մեզի համար էական է: Թէ՛ մեզի, Թէ՛ արաբ բոլոր ժողովուրդներուն համար կարեւոր է, որ այս երկիրը վերադառնայ նախկին իր փառքին եւ վերածուի կարեւոր խաչմերուկի մը, որպէսզի հոսկէ նաեւ լուծուին տարածաշրջանի բոլոր հարցերը»: Ան շարունակելով՝ ըսաւ. «Մենք՝ որպէս սուրիահայեր, մեր ղեկավարներուն ճկունութեան շնորհիւ, կարողացանք ընտրել ճիշդ ուղին: Ուղի մը, որ վայել է այս երկրին, վայել է մեր անցեալին, վայել է մեր պատիւին: Այդ ուղին Սուրիոյ Հանրապետութեան, անոր պետական շահերուն, նախագահին եւ սուրիական բանակին կողքին կանգնիլն էր: Ամէնուրեք եւ հպարտօրէն կ՛ըսենք, որ մենք արդարութեան, ճշմարտութեան եւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու ժողովուրդին միասնութեան, համընդհանուր շահերուն հետ եղանք: Այս է մեր հաւաքական անշեղ կեցուածքը, ամբողջ հայութեան կեցուածքը»:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, ապա՝ սրբազան հօր ի պատիւ ընթրիք՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: