ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- 14 Յուլիսին, Հալէպի արեւմտեան գիւղերուն եւ Ռաշիտին արուարձանին մէջ կայք հաստատած եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ ռմբակոծեցին Հալէպի արեւմտեան շրջանի խաղաղ բնակչութեամբ եռուն թաղամասերը, ինչպէս նաեւ Հալէպի քաղաքապետարանը, ուր կ՛աշխատէին քաղաքապետը եւ քաղաքապետարանի անձնակազմը: Արձանագրուեցան վեց զոհեր, 9 վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ: Նոյն օրը, գիշերուան ժամը 11:45ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ ռմբակոծեցին նաեւ Հալէպի Մուհաֆազա թաղամասը, պատճառելով նիւթական վնասներ:
Սուրիական բանակը, հակադարձելով՝ ռմբակոծեց ահաբեկիչներուն դիրքերը:
Հալէպի արեւմտեան գիւղերու զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները յաճախ կը յարձակին քաղաքի արեւմտեան շրջաններուն վրայ, խուճապ ստեղծելու միտումով: Սակայն, Հալէպի մէջ կեանքը բնականոն հունով կը շարունակուի: Աստիճանաբար ընթացք կ՛առնեն պետական եւ սեփական հատուածներու վերակագնումի աշխատանքները: