ԼՈՆՏՈՆ, «Պիզնըս Ինսայտըր».- 15 Յուլիսին, Բրիտանիոյ վարչապետը «բոլորովին անընդունելի» որակեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ անցնող շաբաթավերջին կատարուած նորագոյն ցեղապաշտական արարքը։ Մէյի օրինակին հետեւեցաւ նաեւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ։
Արդարեւ, մինչ երկրին մէջ մօտաւորապէս 2000 գաղթականներ վախի մթնոլորտի մէջ էին զիրենք երկրէն անմիջապէս արտաքսլեու մասին Թրամփի որոշումին իբրեւ հետեւանք, Թրամփ յայտարարեց, թէ խումբ մը յառաջդիմական կին քոնկրեսականներ պէտք է վերադառնան իրենց «ոճիրներով լեցուն» երկիրները, հակառակ անոր, որ նշեալները բնականաբար ամերիկացի են։
Թրամփ անուն չէր տուած, բայց յստակ է, որ անոր ակնարկութիւնը կ՛երթար իսլամ, սեւամորթ եւ սպանախօս խումբ մը քոնկրեսականներուն, որոնք յաճախ կը դատապարտեն նախագահին ազգայնամոլ կեցուածքները։
Յատկանշական է, որ հանրապետական հարիւրաւոր քոնկրեսականներէն միայն երկուքը ցարդ քննադատեցին Թրամփի խօսքերը։
Իսկապէս անհասկնալի է թէ ինչո՞ւ Նախագահ Թրամփի արտայայտութիւնները, որոշումները եւ առհասարակ՝ ծրագիրները միակողմանի (չըսելու համար կողմնակալ) անդրադարձի կ’արժանանան «Ասպարէզ»ի կողմէ: Ամերիկեան մամուլին հետեւող կո՛յրը նոյնիսկ հասկցած է արդէն որ «մօտաւորապէս 2000 գաղթականներ» կարելի չէ անուանել զանոնք՝ որոնք «երկրէն անմիջապէս արտաքսլեու մասին» հրաման տուած էր Նախագահ Թրամփ. անոնք քաղաքական ապաստան ստանալու համար դիմում կատարած էին, անոնց դիմումները վերջնականապէս մերժուած էին դատաւորներու կողմէ, եւ անոնք –ինքնստինքեան– դրուած էին երկրէն արտաքսուելու գործընթացին մէջ: Օրէնքի գործադրութիւն է այդ:
Վերջապէս, արդար չէ որ «Ասպարէզ»ի անձնակազմի ուեէ անդամ պատճառ դառնայ որ ընթերցողը կորսնցնէ այս թերթին անաչառութեան հանդէպ տարիներու ընթացքին իր տածած վստահութիւնը: