ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարութեան եւ Բժշկական համալսարանին միջեւ ամուր փոխգործակցութեան շնորհիւ իրականութիւն կը դառնան Հայաստանի համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող շարք մը ծրագիրներ՝ հզօր բանակ, յաղթանակած Հայաստան, առողջ զինուոր ու հասարակութիւն սկզբունքով:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ երկարատեւ համագործակցութեան, ռազմաբժշկական կրթութեան ու գիտութեան զարգացման գործին մէջ ներդրած մեծ աւանդին համար բժիշկներ եւ ռազմական բժիշկներ կրթած Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի դասախօսական կազմը պարգեւատրուած է՝ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հրամանով: