ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գրող, մանկավարժ, պետական եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Շանթի 150ամեակին առիթով Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ ներկայացուեցան հեղինակին երկերու ժողովածուները, թարգմանութիւնները եւ անոր նուիրուած աշխատութիւններ:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ 15 Յուլիսին՝ գրադարանին պետական կարգավիճակ ստանալուն 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ:
«Շանթը ծնուել է Թումանեանի հետ, ապրել Իսահակեանի չափ», ըսաւ գրականագէտ, գրաքննադատ Արքմենիկ Նիկողոսեան՝ նկատել տալով, որ կենսագրական այս զուգահեռները պատահական համընկնումներ չեն. Շանթին կեանքն ու ստեղծագործութիւնը սերտ աղերսներ ունին երկու հայ մեծերուն հետ:
«Կարեւոր ցուցադրութիւն է: Կարծում եմ՝ նմանատիպ նախաձեռնութիւնները շարունակական կը լինեն Ազգային գրադարանում: Եթէ անգամ մի մարդ ինչ-որ նոր բան քաղի ցուցադրութիւններից, կարող ենք դրանք ստացուած համարել», ըսաւ Նիկողոսեան՝ աւելցնելով, որ իրեն համար, օրինակ, բացայայտում էր, որ Շանթը թարգմանած է Վոյնիչի «Բոռը»:
Գրականագէտը Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին կողմէ գրադարանին նուիրեց Լեւոն Շանթի երկերու ժողովածուին վերջին 5 հատորները եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի ազգային գրադարանը գիրքերու ամէնէն յուսատու պահեստանոցն է:
Ցուցահանդէսին ներկայ էր նաեւ քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր Լեւոն Շիրինեանը: Ան անդրադարձաւ Լեւոն Շանթ քաղաքական գործիչին գործունէութեան՝ նշելով, որ ցուցադրութիւնը լաւ առիթ է Շանթի դերը անգամ մը եւս արժեւորելու եւ անոր գրական ու քաղաքական գործունէութիւնը երիտասարդներուն ծանօթացնելու:
Այնուհետեւ գրադարանի շարժապատկերի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Լեւոն Շանթի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ժապաւէն մը։