ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 15 Յուլիսին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» 16րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Բրիտանացի բեմադրիչ Ռիչըրտ Պիլինկհըմի «Ռէյը եւ Լիզը» ժապաւէնը «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի յաղթողը դարձաւ եւ ցուցադրուեցաւ փակման հանդիսութեան։
«Արծաթէ Ծիրան»ը նուաճեց ռուս բեմադրիչ Քանտեմիր Պոլոկովի «Լողլողը» ժապաւէնը:
Բրիտանական այլ ժապաւէն մըն ալ արժանացաւ դատական կազմի յատուկ մրցանակին՝ Հասան Ֆազիլիի «Կէսգիշերային ճամբորդը» խորագիրով: Բրիտանական բեմադրիչներուն մրցանակները յանձնուեցան բրիտանական խորհուրդի հայկական մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբեկեանին, որ իր կարգին զանոնք հեղինակներուն պիտի յանձնէ։
Այս տարուան «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնին նաեւ երկու վրացական ժապաւէններ մրցանակի արժանացան? կարճատեւ ժապաւէններու տարածաշրջանային մրցոյթին «Արծաթէ Ծիրան» ստացաւ Ռատի Ցիթելաձէի «Հասարակութեան գերին» ժապաւէնը, իսկ ՖԻՊՐԵՍԶի՝ շարժապատկերի քննադատներուն եւ լրագրողներուն յատուկ մրցանակին ալ արժանացաւ Թինաթին Քաճրիշվիլիի «Հորիզոն» ժապաւէնը:
Հայաստանի վարչապետի մրցանակը յանձնուեցաւ երիտասարդ բեմադրիչ Տաթեւ Յակոբեանին՝ «Թակարդը» ժապաւէնին համար: Իսկ Գենադի Մելքոնեանի անուան յատուկ մրցանակը տրուեցաւ Լիլիթ Պետրոսեանին՝ «Բայինա» ժապաւէնին համար:
Կարճ ժապաւէնի տարածաշրջանային մրցումի «Ոսկէ Ծիրան»ին արժանացաւ իրանցի բեմադրիչ Մարզիէ Ռիահէի «Վարորդական դասեր» ժապաւէնը:
Այսպիսով «Ոսկէ Ծիրան»ի երկուքական մրցանակ նուաճեցին բրիտանացի, վրացի եւ հայ բեմադրիչներ, մէկական՝ ռուսերն ու իրանցիներ:
Փառատօնի փակման հանդիսաւոր աւարտը ազդարարեցին «Ոսկէ Ծիրան» աւագ եւ երիտասարդ սերունդի ղեկավարներն ու աշխատակիցները՝ ձեռք-ձեռքի տուած Կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Հանդիսութենէն առաջ Արայիկ Յարութիւնեան «Ազատութեան» հետ զրուցելով ըսած է. «Շատ եմ սիրում: Առաջին անգամ է այս տարի, որ որեւէ ֆիլմ չեմ նայել խիստ զբաղուածութեան պատճառով: Բայց խոստացել են, որ լաւագույն ֆիլմերը կ՛ուղարկեն կը նայեմ: «Ոսկէ Ծիրանը» իր կայուն տեղն ունի միջազգային փառատօների մէջ, եւ կարծում եմ, որ մենք ջանք չպէտք է խնայենք, որպեսզի նրա դիրքերը է՛լ ավելի ամրապնդուեն, եւ լավագոյն ֆիլմերը էստեղ ցուցադրուեն»:
Փառատօնի երիտասարդ ղեկավար Յասմիկ Յովհաննիսեանը՝ ամփոփելով մէկ շաբթուան աշխատանքը, շեշտած է?- «Ամբողջական պատկերը դժուար է ստանալ: Ի հարկէ կային որոշակի բացեր, ի հարկէ կան փոփոխութիւններ, որոնք էլի պիտի վերանայուեն, նոր որոշումներ, որոնք պէտք է շտկել մինչեւ յաջորդ անգամը: Յաջորդ տարիներին կը փորձենք ինչ-որ սխալներից խուսափել: Թէեւ ընդհանուր առմամբ, կարծում եմ, ուրախ փառատօն ստացուեց»:
«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան եզրափակեց. «Փառատօնը վերջ չունի, փառատօնը անընդհատ շարունակւում է: Ինձ համար շատ դժուար անցաւ, որովհետեւ ես ղեկին չէի: Անհանգիստ էի շատ: Բայց կարծում եմ, որ գեղեցիկ անցկացրեցին ամէն ինչ: Կը լինեն թերութիւններ, կը լինեն փոքր եւ մեծ սխալներ, բայց կարեւորը սենդրափոխութիւնն է: Կարող էին էլի տասը տարի դիմանալ, կամ հինգ տարի դիմանալ: Բայց ինչի՞ համար, երբ որ երիտասարդներն աւելի լաւ գաղափարներով եւ մտքերով են եկել: Օգնենք իրենց, լինենք իրենց կողքին, բայց չխանգարենք»: