ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Համաշխարհային դրամատան տուեալներուն համաձայն՝ աշխարհը կը խեղդուի աղբի մէջ, իսկ թափօններու յառաջացման կշռոյթը շատ արագացած է։ Այս մասին գրած է «Ու. Էս. Էյ. Թուտէյ»ը՝ միաժամանակ ներկայացնելով աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր բնակիչի հաշիւով ամէնէն աւելի աղբ գոյացնող երկիրներու վարկանշային ցանկը, որուն վրայ Հայաստան կը գրաւէ 6րդ դիրքը։
Նշուած է, որ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացի տարեկան 16.3 թոն թափօն գոյացնելու պատճառ կը դառնայ (2017ին Հայաստանի մէջ, ընդհանուր առմամբ, հաշուըւած է աւելի քան 47 միլիոն թոն թափօն):
Ամէնէն աւելի աղբ գոյացնող երկիրներուն առաջին եռեակը կը գլխաւորեն Գանատան (36 թոն), Պուլկարիան (26.7 թոն) եւ Միացեալ Նահանգները (26 թոն):