ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ Վիճակագրական կոմիտէի տուեալներուն, կը շարունակէ աւելնալ հայկական գորգերու արտադրութիւնը:
2019 թուականի առաջին հինգ ամիսներուն մեծապէս աւելցած է գորգերու եւ գորգեղէնի արտադրութիւնը. արդարեւ, Յունուար-Մայիս ամիսներուն արտադրուած է 18.5 թոն գորգ եւ գորգեղէն՝ 2018ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով աւելնալով 1.7 անգամ: Նշենք, որ նախորդ տարուան Յունուար-Մայիսին արտադրուած էր 10.6 թոն գորգ: