ԱՆԳԱՐԱ, «Պի.Պի.Սի.».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 12 Յուլիսին, Ռուսիա սկսաւ Թուրքիոյ վաճառուած «Էս. 400» հակաօդային հրթիռային համակարգերու մասերը մատակարարելու գործընթացին:
Հակաօդայիններուն մասերու առաջին բաժինը ուղարկուեցաւ Անգարա նահանգին մէջ գտնուող օդուժի խարիսխը: Կը նշուի, որ մասերուն առաջին խմբաքանակը Թուրքիա հասած է ռուսական երեք փոխադրական օդանաւերով:
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց Անգարայէն հաղորդուած տեղեկութիւնը։
Մատակակարումը տեղի կ՛ունենայ հակառակ Ուաշինկթընէն եւ ՆԱԹՕԷն Անգարային ուղղուած բազաթիւ զգուշացումներուն, թէ նման քայլ մը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ թրքական կողմին համար:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա 2017ին կնքած էին այս գծով համաձայնագիրը, որուն իբրեւ հետեւանք շրջան մը ռուս-թրքական յարաբերութիւնները լարուած էին, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջերս նախընտրած էր պաշտպանել Անգարայի դիրքորոշումը՝ պնդելով, որ տագնապը յառաջացած է նախորդ նախագահ Պարաք Օպամայի պատճառաւ, որովհետեւ անոր վարչակազմը մերժած էր ամերիկեան «Փեթրիըթ» հակաօդայիններ ծախել Թուրքիոյ:
Թրքական աղբիւրները կը նշեն, որ ռուսական համակարգերը օգտագործման համար պատրաստ պիտի ըլլան այս տարուան Սեպտեմբերին: