
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 11 Յուլիսին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօր. Վալերի Կերասիմովի հետ, որ նաեւ բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցին հետ, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» լրատուական կայքը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին միջազգային եւ շրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ռազմական համագործակցութեան հաւանականութիւններ, որոնց շարքին՝ Կասպից ծովուն մէջ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու գործակցութեան սերտացումը:
Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Պաքու այցելութեան ընթացքին Կերասիմով խորհրդակցութիւններ ունեցած էր նաեւ հոն գտնուող ՆԱԹՕի զինեալ ուժերու հրամանատար Թատ Ուոլթըրզի հետ, քննելով ՆԱԹՕ-Ռուսիա յարաբերութիւնները եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի տագնապները:
