ԿՐԱՆԱՏԱ ՀԻԼԶ.- Գարնան յայտարարուած՝ Ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու առատաձեռն նուիրատուութենէն ետք, որոշուեցաւ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ կեդրոնը վերանուանել «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան Երիտասարդական Կեդրոն»՝ ի յիշատակ նուիրատուներու ծնողքին։
Սոյն կեդրոնին վերանուանումի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 23 Յունիսին, գլխաւորութեամբ Արեւ-մտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, որուն կ՛ընկերանար առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։
Շրջանի ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վիգէն Եագուպեան եւ Արամ Գալուստեան, համայնքային ղեկավարներ, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ Անժէլ Մելքոնեան, բարերար ամոլը, զաւակները եւ ընտանիքի անդամները։
Պաշտօնական բացման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, ապա գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը։
Հանդիսավարութիւնը ստանձնած ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի անդամ Թորոս Քէչէճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ակնարկ մը նետեց շրջանին գործունէութեան վրայ՝ նշելով, որ այս տարի տասնամեակն է Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի հիմնադրութեան եւ այս առիթը պատեհ նկատեց կեդրոնը համայնքին մէջ գործունեայ Մելքոնեաններուն անունով կոչելու որոշումին գործադրութեան համար։
ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի ատենապետ Վաչէ Տօնոյեան փոխացեց կոմիտէութեան խօսքը, որուն մէջ ան նշեց. «Այսօր Հիւսիսային հովիտի հայութեան համար պատմական օր մըն է, որովհետեւ բոլորս միասին ականատես եղանք այս կեդրոնի անուանակոչութեան, շնորհիւ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն: Անկիւնադարձային օր մը իսկապէս, որովհետեւ սփիւռքեան այս դժուար պայմաններուն մէջ, ամէն օր կը լսենք, թէ ինչպէս դպրոց մը կամ ակումբ մը իր դռները կը փակէ, արմատացած գաղութներ կը նօսրանան ու կամաց կամաց զոհ կը դառնան սպիտակ ջարդի գործած աւերներուն. այսօր, այս կեդրոնը կը ծաղկի, կը բարգաւաճի ու նոր յոյս կու տայ բոլորիս»:
Ան յիշեցուց, որ տասը տարիներու կեանք ունեցող կոմիտէութիւնը այսօր իր սեփական ակումբին մէջ, իր շուրջ կը խմբէ՝ «ՀՕՄուհիներ, երիտասարդներ ու պատանիներ, համազգայնականներ, տարեցներ եւ անշուշտ կուսակցական ընկերներ ու համակիրներ, որոնք ամէն օր զանազան աշխատանքներով իրենց առօրեայ կեանքը կ՛անցընեն»՝ աւելցնելով. «Նման ակումբի մը տեսլականով էր, որ գրեթէ տասը տարիներ առաջ, խումբ մը ընկերներ իրականութիւն դարձուցին այդ երազը, որ այսօր ծաղկած ու դարձած է Լոս Անճելըսի հայութեան համար կարեւոր եւ հիմնական կեդրոն մը, որ պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը մատուցանել եկող տարիներուն, աւելի ինքնավստահ, աւելի կայտառօրէն: Շնորհիւ մեր բարերար զոյգին, այլեւս մարդիկ հպարտօրէն պիտի այցելեն «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան» այս կեդրոնը, Հիսիսային հովիտի Հայ Կեդրոն անունը փոխելով՝ նուիրատու ամոլի ծնողները անմահացնող Հայ կեդրոնը»:
Ան կոմիտէին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն՝ նշելով, որ եկող սերունդները միշտ երախտապարտ պիտի մնան անոնց այս յիշատակելի արարքին նկատմամբ, «որովհետեւ այս կեդրոնին մէջ հասակ պիտի նետեն այն պատանիներ եւ պարմանուհիները, որոնք ապագային պիտի դառնան այս գաղութի ղեկավարները, որոնք պիտի շարունակեն արդարօրէն աշխատիլ՝ յանուն հայ ժողովուրդի բարգաւաճման, հայապահպանման եւ մեր դատի արդար պահանջատիրութեան»:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով շնորհակալական խօսք արտասանեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Թորոս Քէչէճեան (նոյնանուն հանդիսավարին հօրեղբօր տղան)՝ նշելով. «Մելքոնեան մեծ ընտանիքը տասնամեակներ է արդէն բարոյական եւ նիւթական մեծ նուիրումով ներկայ է մեր ազգային կեանքին մէջ, որուն համար մեր երախտագիտութեան խօսքերը անսպառ կը մնան: Յատկապէ՛ս Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք իրենց գործերու յաջողութենէն կարեւոր բաժին կը հանեն մեր ժողովուրդին, որովհետեւ այն, ինչը կ՛ընեն՝ իրենց համոզումով, ազգային պարտաւորութիւն է. կու տան հոն, ուր որ իրենց սիրտն ու ընտանիքն է, եւ այս բոլորը՝ անշահախնդիր կերպով, մեծագոյն համեստութեամբ ու ազնուութեամբ»:
Ան շեշտեց, թէ Մելքոնեանները նաեւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են մեր ազգային կառոյցներու աշխատանքին, վարչական եւ զանազան գործերուն իրենց սուղ ժամերը տրամադրելով, նպաստելով գաղութին յառաջխաղացքին։ Ան աւելցուց, որ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ եկան ամբողջացնելու կեդրոնին սրահի անուան բարերար Ճորճ Թիթիզեանի սկսած գործը։ Թորոս Քէչէճեան եզրակացուց՝ ըսելով. «Այս կեդրոնին մէջ հասակ կ՛առնեն մեր սերունդները՝ ազգային ու գաղափարական դաստիարակութեամբ հետապնդելու մեր ազգային դատը. անոնք իրենց կարգին ջահը պիտի փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն: Այսօր, այս կեդրոնը աւելիով հայացաւ, աւելիով ընդարձակեց իր տարածութիւնը՝ որպէս գործի եւ պայքարի ամրոց: Փառք ու պատիւ ձեզի՝ սիրելի Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, որ անմար փարոսի նման ներկայութիւն էք մեր ազգային կեանքին մէջ»։
Հանգուցեալ Մելքոն Մելքոնեանի հարսը՝ Արուսիակ Մեքոնեան ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը, զոր կու տանք ամբողջութեամբ ։
Իր կարգին, Արուսիակի զաւակը՝ Մելքոն, որ անդամ է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի, փոխանցեց Մեքոնեաններու երիտասարդ սերունդին խօսքը, յոյժ կարեւոր նկատելով համայնքին եւ հայ ժողովուրդին նուիրուելու եւ աշխատասէր ըլլալու խրատները, զորս իրենց փոխանցած են իր ընտանիքի մեծերը։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի դրուատիքի խօսքերէն ետք, բացայայտօրէն զգացուած Վարանդ Մեքոնեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց զինք համեստութիւն եւ առատաձեռնութիւն սորվեցուցած իր ընտանիքին եւ յատկապէս իր մօր ու կնոջ՝ Հուրիին, զայն կոչելով իր լաւագոյն ընկերը։
Պաշտօնական յայտագիրէն ետք, տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր։
Արուս Մեքոնեանի Սրտի Խօսքը
Յարգելի հիւրեր եւ շատ սիրելի հարազատներ…
Նախքան սկսիլս, կը փափաքիմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել իմ հարազատներուն, որոնք ինծի վստահեցան փոխանցելը այսօրուան պատգամը, որուն համար մեծ պատիւ ու պարծանք կը զգամ:
Ան, որ ինծի ծանօթ չէ՝ անունս Արուսեակ Մելքոնեան է, Անժել եւ Մելքոն Մելքոնեաններու անդրանիկ զաւակին՝ Րաֆֆիին տիկինը… եւ այսպիսով, 1977ին միանալով անոնց 7ը զաւակներուն՝ կ՛ըլլամ անոնց 8րդը: Մանաւանդ քաղաքական տագնապներուն պատճառով՝ զրկուած ըլլաով ծնողքէս, անոնք եղան իմ երկրորդ հարազատ ծնողքս, որուն համար յաւէտ երախտապարտ կը մնամ:
Այսօր, Մելքոնեան մեծ ընտանիքին- որուն մեծամասնութիւնը այստեղ կը գտնուի- եւ անոր հարազատներուն համար մեծ ուրախութիւն ու պարծանք է ներկայ գտնուիլ կեդրոնիս Մելքոն եւ Անժել Մելքոնեան անուանակոչութեան հանդիսութեան։ Փառք Տիրոջ, որ արժանի ըրաւ մեզի վայելելու այս պահը:
Ինչ որ պիտի փոխանցեմ՝ մեծամասնութինը ապրած եմ եւ մաս մը՝ անձամբ լսած եմ:
Մելքոն Մելքոնեան ծնած էր Պաղտատ, Իրաք։ Եղած է Ուրֆայի ջարդէն ճողոպրած, Յակոբի եւ բնիկ պաղտատահայ Աննա Մելքոնեաններուն Անդրանիկ զաւակը: Փոքր տարիքէն լծուած էր աշխատանքի, նախ՝ որպէս բանուոր տպարանի մը մէջ, սակայն իր բացառիկ սրամտութեան, ուշիմութեան ու աշխատասիրութեան շնորհիւ, շուտով կը յաջողի 20 տարեկանին վարել իր անձնական տպարանը, որ տարիներու ընթացքին կը ծաղկի՝ դառնալով Պաղտատի մեծ տպարաններէն մէկը: Մելքոնը կը յաջողի փաստել իր ներկայութիւնը մնացած տպարաններուն մէջ, կերտելով իր յաջողութիւնը եւ համբաւը, ու ան այլեւս կը ճանչցուէր արաբերենով՝ որպէս Մելըք ալ մաթապը, որ կը նշանակէ Տպարաններու թագաւոր:
Ան 20 տարեկանին կ՛ամուսնանայ Անժել Քանթարճեան-Մելքոնեանի հետ։ Անոնք կը բախտաւորուին իրենց զաւակներով՝ Րաֆֆի, Վահէ, Վիվիան, Վարանդ, Սթելլա, Յակոբ եւ Լիզա:
Ան ճանչցուած էր իր առաքինութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ՝ միշտ ուրիշին հասնող եւ օգնող: Արժանացած էր վստահութեան ու բարեկամութեան, սիրոյն ու յարգանքին տեղւոյն ոչ միայն քաղաքական մեծաւորներու, զինուորականներու, այլ նաեւ օտար դրացիներուն, բանուորներուն, խանութպանին ու ցկնորսին: Ով որ խնդրանք մը ունէր՝ կը դիմէր «Ապու Րաֆֆիին)»։
Ան միջնորդ եղած է հայ քաղաղաքական բանտարկեալներ ազատ արձակելու. վաթսունական թուականներուն, երբ ճամբորդութիւնը արգիլուած էր, Մելքոնը կը յաջողի յատուկ արտօնագիր ձեռք բերել, որպէսզի Իրաքի Հայ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը ճամբորդէ դէպի Հայաստան՝ միւրոն օրհնէքի:
Մելքոնը յատուկ անձնաւորութիւն էր՝ խիստ, սակայն հոգատար. ծովուն ալեկոծ ալիքները եւ հանդարտ ջուրերը կը նկարագրեն զինք։ Ան շատ կը սիրէր շրջապատուիլ իր զաւակներով, թոռներով եւ հարազատներով, կը սիրէր ընտանեկան հաւաքոյթները եւ պտոյտները։ Ան իր սէրը կը յայտնէր հիւրասիրութեամբ եւ հոգատարութեամբ։ Մելքոնին մարանը միշտ լիցուն էր եւ տան դուռը միշտ բաց բոլորին… Աստուած հոգին լուսաւորէ:
Հաւատացեալ, ազնիւ, համբերող, զոհաբերող, գուրգուրացող, հիւրասէր, կոկիկ եւ չափէն աւելի աշխատասէր՝ մէկ խօսքով տիպար մայր… այս են յատկութիւնները Անժել Մելքոնեանի։ Ան ծնած է Թել Ապիատ, Հալէպ, Սուրիա, դուստրը՝ Ուրֆայի ջարդէն ազատած Ազնիւ եւ Մինաս Քանթարճեաններու:
Եթէ Մելքոնը աշխատանքի լծուած էր՝ ապահովելու իր ընտանիքին կարիքները, Անժելը լծուած էր հոգալու, խնամելու եւ դաստիարակելու իր զաւակները. անոր հոգատարութիւնը նաեւ վայելեցին իր շուրջինները։ Ան ջամբեց քրիստոնէական հաւատքը եւ հայեցի սէրը իր զաւակներուն, իր անտրտունջ խնամքը կը գերազանցէր բոլոր չափանիշները…
Անժել Մելքոնեանի ճաշի սեղանը միշտ բաց էր բոլորին՝ մօտիկին թէ հեռուին, ծանօթին թէ անծանօթին։ Չէր բաւեր ընտանիքի անդամները կերակրելը՝ պետք էր նաեւ ճաշ ղրկեր տպարանի բանուորներուն։ Անժել Մամային կաթսաները եւ համադամ ճաշերը այսօրուան չափանիշով «քէյթրինկ»ի խոհանոցէ են:
Մինչեւ այսօր անոր սեղանը իր զաւակներուն, թոռներուն եւ ծոռերուն ամենահաճելի վայրն է, ուր ոչ միայն կը ճաշակեն, այլ կը վայելեն անոր անհուն սէրն ու գուրգուրանքը… անշուշտ այս իր երջանիկ պահերէն մէկն է, կարծեմ՝ ամենաերջանիկը:
Եզակի սէր ունի երեխաներու հանդէպ, կարեւոր չէ որ ծանօթ ըլլան. փողոցէն անցնող երեխան իսկ բաժին ունէր այդ սէրէն։
Ընտանեկան կապը, հայ եկեղեցին ու հայ մշակոյթը մեծ կարեւորութիւն ունէին մեր տունին մէջ, եւ այդ մէկը շատ լաւ գիտէին եւ կարժեւորէին Մելքոնը եւ Անժելը: Անոնք միշտ նեցուկ կանգնեցան եւ քաջալերեցին տեղւոյն բոլոր հայկական կառոյցները:
Սիրելի Մամա, դուն եւ Պապան ոչ միայն մեծցուցիք ձեր զաւակները, այլ դուք կերտեցիք անոնց ապագան, որուն ապացոյցն են ձեր 21 թոռները եւ 6 ծոռերը. ցանեցիք սէր հանդէպ ձեր զաւակներուն եւ շրջապատին. թող այդ սէրը նաեւ բխի այս կեդրոնին մէջ՝ յանուն հայապահպանման եւ ազգասիրութեան, եւ Աստուած քեզի պարգեւէ երկար կեանք, որ նաեւ տեսնաս այս կեդրոնին աւելիով ծաղկիլը:
Սիրելի Վարանդ, ճիշդ է որ այսօր մամային եւ պապային անուանակոչութեան հանդիսութեան օրն է, սակայն պէտք է որ այս մէկուն անդրադառնամ։ Տակաւին թարմ է իմ յիշողութեան մէջ, երբ նոր բաժնուած էիր մեզմէ՝ գաղթելով Ամերիկա, գիշեր մը մաման, պապան եւ ես նստած կը խօսէինք, երբ պապան իր յատուկ բարբառով հայերէնը արաբերէնին խառնելով՝ ըսաւ ճիշդ այսպէս. «Ես չեմ վախնար Վարանդին վրան, անիկա ճարպիկ ու աշխատասէր է եւ կասկած չունիմ որ կը յաջողի»։
Վարանդ, դուն ոչ միայն փաստեցիր այդ մէկը, այլ գերազանցելով՝ անմահացուցիր անոր յիշատակը իր անունովը անուանակոչելով այս կեդրոնը: Սիրելի Վարանդ եւ Հուրի, վարձքերնիդ կատա՛ր. դուք մեր պատիւն ու պարծանքն էք, Աստուած օրհնէ ձեզ:
Խօսքս կը փափաքիմ աւարտել կրկնելով հետեւեալը.
«Մեր ազգի յարատեւման եւ կենսունակութեան երեք մարզերուն մէջ՝ մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական կազմակերպութիւնները, Հայաստանեաց Սուրբ եկեղեցւոյ կողքին կը կազմեն ներքին ամրակուռ մէկ ամրոց, որուն անսասանութեան եւ յաւերժութեան փաստը մեր պատմութենէն կու գայ: Ու որքան սերտ ըլլայ գործակցութիւնը ազգապահպանման վերոյիշեալ ազդակներուն միջեւ, այնքան եւ առաւել ինքնավստահութեամբ կրնանք նայիլ դէպի մեր ազգի ապագան, զոր լուսաւոր դարձնելու առաքելութիւնը ամէն հայ պէտք է կրէ իր սիրտին մէջ»:
ԶԱՐԵՀ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ