ՌԱՅԹՈՒՈՒՏ, Քալիֆորնիա.- Յունիսի սկիզբը, ՀԵԴի Ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ առաջին հինգ կողմանի համագումարը, ի մի բերելով Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Գանատայի, Աւստրալիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի ՀԵԴի անդամները։
Սովորաբար ՀԵԴի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ու Գանատայի շրջանները երկու տարին անգամ մը եռակողմանի հաւաքներ կը կազմակերպեն։
Համագումարին ղեկը ստանձնած էր ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի
համաատենապետ Քարմէն Օհանեան, որ մասնակցած էր ՀՅԴի 33րդ Ընդհանուր ժողովին։
Բանակավայր մեկնելէն մէկ օր առաջ, մասնակցողները նախ «Մելքոն Եւ Անժէլ Մելքոնեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ հաւաքուեցան, հետեւելու Ստեփան Ալթունեանի ներկայացման, որ նուիրուած էր ՀԵԴի եռակողմանի համագումարներ գումարելու 1970ականներու տրուած որոշումին դրդապատճառներուն եւ այս նպատակով առնուած քայլերուն։
ՀԵԴի Ճամբար հասնելէ ետք ընկերային պահեր անցնելէ ետք, ՀԵԴականները նախ հետեւեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանի ներկայացման՝ «Հայ Դատը եւ Սփիւռքը» նիւթով, որուն ընթացքին Համբարեան անդրադրձաւ Հայ Դատի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ՀԵԴի եւ Հայ Դատի միջեւ վերջերս աւելի սերտացող գործակցութեան։
Բանակողները նաեւ առիթը ունեցան «Սքայփ»ի միջոցով ուն-կնդրելու «Երկիր Մեդիա»ի տնօրէն Գեղամ Մանուկեանի ելոյթը, որ կը վերաբերէր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն եւ ՀՅԴի որդեգրած դիրքորոշումներուն եւ ապագայ քայլերուն։ Ան մանրամասնութիւններ տուաւ տուրքերու արդար բաժանում պահաջնող ՀՅԴի Հայաստանի երիտասարդական թեւին հաստատած «Ահազանգ» նախաձեռնութեան գործունէութեան մասին։
Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր շրջանի ներկայացուցիչները արտայայտուեցան իրենց տարած աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին, շեշտելով զանոնք համակարգելու կարեւորութիւնը։ Այս նպատակով, տեղւոյն վրայ տեղի ունեցան աշխատանիստներ։
Այնուհետեւ, համագումարի վարիչ Քարմէն Օհանեան խօսեցաւ ՀՅԴի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու իր իւրայատուկ փորձառութեան մասին, իբրեւ նման ժողովներու մասնակցող հազուագիւտ կին ներկայացուցիչներէն մէկը։
Վերջին բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արամ Գալուստեան, որ կեդրոնացաւ յատկապէս ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին տարած գործունէութեան վրայ եւ ներկայացուց անոր անձնակազմի նոր անդամները՝ Արշակ Մեսրոպեան (Հայաստանէն) եւ Սարինէ Աբրահամեան (Հոլանտայէն)։
Նշենք, որ բանախօսներուն իւրաքանչիւր ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում։
Վերջին գիշերը, երեք ցամաքամասերէ հաւաքուած առաւել քան 130 ՀԵԴականներ, առջնորդութեամբ Արիկ Գէորգեանի եւ անոր ձեռնադաշնակին, յեղափոխական երգեր երգելով՝ ջերմացուցին մթնոլորտը։