«ՀՄԸՄԸ ԵՂԱՒ ԱՅՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՍԻՐՏՍ ԿԱՊԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ», ԸՍԱՒ ՀՄԸՄԻ 44ՐԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԱՐՕ ԷՇԿԻԵԱՆ
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Կիրակի, 30 Յունիսի երեկոյեան, «Beverly Hilton» պանդոկի սրահը հեղեղուած էր ՀՄԸՄականներով ու համակիրներով: Անոնք համախմբուած էին իրենց սէրն ու յարգանքը արտայայտելու այն կազմակերպութեան, որ ամբողջ մէկ դար հայ երիտասարդութեան ոչ միայն «Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ» կարգախօսով մաքուր միջավայր մը ապահովեց, այլ նաեւ անոր էութեան մէջ դրոշմեց հայրենիքի սէրը, ազատութեան տենչը եւ ամէն գնով զայն պաշտպանելու հաստատակամութիւնը:
Այո, աւելի քան 600 հայորդիներ մէկտեղուած էին, տօնախմբելու յաղթանակները այն երիտասարդութեան, որ թրծուելով Շաւարշ Քրիսեաններու, Յովհաննէս Հինդլեաններու Տիգրան քհնյ. Խոյեաններու նման ազնուագոյն դաստիարակներու հիմնած կազմակերպութեան մէջ եւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսով դաստիարակուած, յուսադրած էին իր շրջապատը:
Այո, նուիրումով համախմբուած էին մեծ թիւով ՀՄԸՄասէրներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու եւ աջակցելու ՀՄԸՄի նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ՝ տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեաններուն, որոնք հաւատալով ՀՄԸՄի առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն՝ մեծ ոգեւորութեամբ ստանձնած էին իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը:
Այս համոզումով սրահ ժամանած էին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Ուաշինկթընի մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Վիգէն Դաւիթեան եւ Արմանտօ Թորգոմեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանուկ Չուխաճեան, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոեյան, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան, Հայաստանի Ողիմպիական յանձնախումբի անդամ Յակոբ Գըրմըզեան, ՀՅԴ Կեդրոնակ Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, ՀՕՄի Շրջանաին վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեան, ՀԲԸՄի ներկայացուցիչ Սինան Սինանեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեան, դատաւոր Տիգրան Թաւրիզեան, Հայ իրաւաբանական միութեան, Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀԵԴի, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նախորդ տարիներու Պատուոյ նախագահներ, Տիպար ՀՄԸՄականներ, ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նուագախումբին եւ անոր հետեւող արի-արենոյշներուն տպաւորիչ մուտքով: Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները քնքուշ ձայնով մեներգեց ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի միաւորի խմբապետուհիներէն Իվանա Գրիգորեան:
Տէրունական աղօթքով եւ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ նաեւ հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցելով՝ շնորհաւորեց ՀՄԸՄը եւ ըսաւ. «Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերու եւ փառատօնի նախօրեակի յաղթանակի այս պարահանդէսին, ՀՄԸՄական բարեւներով կ՛ողջունեմ բոլորդ կը շնորհաւորեմ Պատուոյ նախագահ՝ տէր եւ տիկ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները եւ նաեւ Տիպար ՀՄԸՄական Վարդգէս Շխրտըմեանը: Բոլորդ ողջունելով՝ կ՛ըսեմ շնորհաւոր ըլլայ ՀՄԸՄի Մեծ ընտանիք»:
Ապա ցուցադրուեցաւ շրջանի ՀՄԸՄի պատմութիւնն ու աշխատանքները արտացոլող հետաքրքրաշարժ տեսաժապաւէն մը, որմէ ետք բեմը ստանձնեց վաստակաշատ ՀՄԸՄական Չարլի Կալեան, որ ձեռնհասօրէն կատարեց ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը: Ան ողջունելէ ետք ներկաները՝ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյի կազմակերպիչ յանձնախումբին անդամները, որոնք լաւապէս կատարած էին իրենց վստահուած պարտականութիւնը եւ ոտքի հրաւիրելով, ծանօթացուց զանոնք ներկաներուն: Ապա, ան հպարտանքով ողջունեց նաեւ ներկայութիւնը իր ծննդավայրի Արժանթինի ֆութպոլի խումբին, որ կը մասնակցի Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ այնուհետեւ, շնորհաւորելով 4 Յուլիսին տօնախմբելիք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 243րդ տարեդարձը, կեդրոնացաւ «ազատութիւն» բառին եւ անոր տիրանալու զոհողութիւններուն վրայ: Ան մատնանշելէ ետք Միացեալ Նահանգներու անկախութեան դժուար հանգրուանները, կեդրոնացաւ 101ամեայ ՀՄԸՄին վրայ, որ 1918ին ծնունդ առաւ Պոլսոյ մէջ, ուր երկու տարբեր խումբեր, տարբեր երկու ծրագիրներ կը մշակէին: Առաջինը՝ կը ծրագրէր բնաջնջել հայ ազգը եւ կազմակերպեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ երկրորդը՝ սկաուտական եւ մարզական կազմակերպութեան տեսիլքն էր, որ ծնունդ տուաւ ՀՄԸՄին, որ 101 տարիներ մեր երիտասարդութիւնը ազատութեան առաջնորդեց եւ յաջողութիւններ արձանագրեց, անցնելով դժուար ճանապարհ։
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, որ ողջունելէ ետք օրուան պաշտօնական հիւրերն ու ներկաները, վեր առաւ ՀՄԸՄի գոյութիւնը ըսելով. «Եթէ ՀՄԸՄը մէկ դար գոյատեւեց, ապա այդ արդիւնքն էր անոր որդեգրած առաքելութեան, հետապնդած նպատակներուն եւ զանոնք իրականացնող օգտաշատ ծրագիրներուն: Այս ծրագիրները մեր երիտասարդութեան սիրտին խօսելով, հրաշքներ կը գործեն համայն աշխարհի ու հայրենիքի մէջ եւ շուտով՝ ազատագրուած Արցախի Հանրապետութեան մէջ»:
Այս իրողութիւնը հպարտալի նուաճում որակելով՝ եղբայրը իր յարգանքը արտայայտեց ՀՄԸՄի հիմնադիրներուն, «որոնք հիմնեցին մեր երիտասարդութիւնը համախմբող ազգանուէր այս կազմակերպութիւնը՝ ՀՄԸՄը, որուն արդիւնաբեր պտուղները կը քաղենք այսօր: Այդ ազգանուէր ստեղծագործութեան արդիւնքն են ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը, որոնց 44րդը, խտացած շարքերով կ՛իրագործուի այս տարի, շնորհիւ մեր գաղութի զօրակցութեան, մեր ծնողներու հաւատքին, մեր անդամներու եւ համակիրներու նուիրումին»:
Ապա ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴին, որ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ, միշտ հօր նման կը գուրգուրայ ՀՄԸՄին, Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեաններուն, որոնք ընդունեցին ՀՄԸՄի 44րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը, տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրէթա Չրախչեաններուն, որոնք իբրեւ ՀՄԸՄի 43րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ մեծապէս նպաստեցին անոնց յաջողութեան, այս տարուան Տիպար ՀՄԸՄական Վարդգէս Շխրտըմեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց անսակարկ ու անձնազոհ գործունէութեամբ, միշտ բարձունքներ առաջնորդեցին ՀՄԸՄը:
Ճաշի դադարէն ետք ցուցադրուեցաւ տարուան Տիպար ՀՄԸՄական Վարդգէս Շխրտըմեանի կենսագրական գիծերն ու ՀՄԸՄական կեանքը ներկայացնող տեսաժապաւէն մը, որմէ ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ Վարդգէս Շխրտըմեանը, որ փոխանցելով իր սրտի խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան, իրեն ընծայուած պատիւին համար, նշելով, որ զայն կ՛ընդունի, ոչ թէ իբր մեծարանք, այլ որպէս արժեւորումը ՀՄԸՄին մատուցած իր երկար տարիներու աշխատանքին:
«Ինչպէս ձեզմէ շատերուն, ինծի համար ալ երկրորդ տուն եղած է ՀՄԸՄը, ուր ոչ միայն իբրեւ հայ թրծուած եմ, այլ նաեւ ընկերական լայն շրջապատ եւ մտերիմ քոյր-եղբայրներ ունեցած եմ: Այսօր, գեղեցիկ այս առիթը օգտագործելով, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, բոլոր այն ՀՄԸՄական իմ ղեկավարներուս եւ մտերիմներուս, որոնք գէթ գեղեցիկ յուշով մը կեանքս իմաստաւորած են: Շնորհակալ եմ իմ անդամակցած ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղին, որուն հիմնադիր եւ այնուհետեւ գործօն անդամներէն մէկը ըլլալով, մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգած եմ, որ մեծապէս օգտակար հանդիսացած է կեանքիս դժուարութիւնները յաղթահարելու կարեւոր գործին մէջ», ըսաւ Շխրտըմեան:
Ան չմոռցաւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու նաեւ իր ընտանիքին, որ երբեք արգելք չէր հանդիսացած միութենական իր գործունէութեան եւ եզրակացուց՝ ըսելով. «ՀՄԸՄը կեանքիս մէկ մասնիկն է, որուն ընդմէջէն սորված եմ նաեւ սիրել. սիրել ընտանիքս, սիրել շրջապատս, եւ մանաւանդ սիրել ու նուիրաբերել ազգիս ու հայրենիքիս՝ անոր «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանի հաւատքով»:
Տպաւորիչ այս ելոյթէն ետք, ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան մեծարեալին յանձնեց «Տիպար ՀՄԸՄական 2019» տիտղոսը հաստատող յուշատախտակը՝ առ ի գնահատանք իր միութենական նուիրումին ու անսակարկ գործունէութեան:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններու կենսագրական գիծերը, միութենական կեանքն ու արձանագրած յաջողութիւնները ներկայացնող տեսերիզը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատուոյ նախագահութիւնը խորհրդանշող եռագոյն երիզներու փոխանցման արարողութիւնը: Երկարաշունչ ծափողջոյններու ներքոյ, Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները բեմ առաջնորդուեցան, ուր դիմաւորուեցան ՀՄԸՄի 43րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ՝ Համլէթ եւ Կրէթա Չրախչեաններու կողմէ, որոնցմէ պաշտօնապէս ստանձնեցին ՀՄԸՄի 44րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը:
Ստանձնելով իր պատասխանատուութիւնը, Կարօ Էշկիեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Համլէթ Չրախչեանին, որ լաւապէս կատարած էր նախորդ տարուան Պատուոյ նախագահի իր պարտականութիւնները: Ապա, գնահատելով Տիպար ՀՄԸՄականի ընտրութեան կարեւորութիւնը, շնորհաւորեց անոր արժանացած Վարդգէս Շխրտըմեանը, ՀՄԸՄի մէջ կատարած իր երկար տարիներու ծառայութեան համար եւ մաղթեց անոր երկար կեանք, երջանկութիւն եւ յարատեւ ծառայութիւն ՀՄԸՄի համար: «Ես անձնապէս շատ կը գնահատեմ բոլոր ծառայողները: Անշուշտ կարեւոր են նաեւ մեր բարերարները, բայց բարերարներու կողքին կարեւոր են նաեւ ծառայողները», ըսաւ Էշկիեան: Ան յատուկ գնահատական խօսք ուղղեց Շրջանային վարչութեան, որ իրեն եւ կնոջ՝ Սօսիին վստահեցաւ ՀՄԸՄի 44րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերը, որուն համար երջանիկ կը զգան: Ան բարձր գնահատեց յատկապէս ՀՄԸՄի բոլոր անդամները եւ մանաւանդ ա՛յն ՀՄԸՄականները, որոնք «վարագոյրի ետեւ»էն կը գործեն եւ որոնց անունները չեն յիշուիր: Ան խնդրեց ներկաներէն ծափողջոյններով գնահատեն վերջինները, առ ի գնահատանք անոնց զոհողութիւններուն, որուն համար դրական արձագանգ ստացաւ: Ապա, հպարտանքով անդրադարձաւ ՀՄԸՄի սկաուտական շարքերը միանալու եւ անոր տարազը կրելու իր ուրախութեան մասին, որ այնքան մեծ ըլլալով, առաջին օրը այդ տարազով քնացած էր:
«Եւ ունեցայ զանազան երազներ այդ տարազին հետ կապուած եւ այդ երազներէս մէկը այսօր իրականացաւ: Կրցայ իմ վաստկածէս պզտիկ բաժին մը հանել ՀՄԸՄին», ըսաւ եղբայրը եւ շարունակելով ՀՄԸՄի հանդէպ ունեցած իր երախտագիտութիւնը շեշտեց ըսելով՝ «ՀՄԸՄը եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ իմ սիրտս կապեց Հայաստանին եւ հայութեան: Հայաստանէն հեռու բայց Հայաստանի համար: Հայրենիքէն հեռու, բայց հայրենիքի համար: Տուաւ ինծի այդ սէրը, որուն կարելի չէ ուրիշ տեղ գտնել: Ես միշտ հպարտ պիտի ըլլամ ՀՄԸՄի իմ անցեալովս եւ այսօր իմ ուխտս նորոգելով ես եւ Սօսին, գալիք օրերուն պիտի փորձենք մեր լաւագոյնը տալ ՀՄԸՄի բոլոր աշխատանքներուն»:
Կարօ Էշկիեան, իր յատուկ երախտագիտութիւնը յայտնեց, իր կողակիցին՝ Սօսիին, որ առիւծի բաժին ունեցած է իր կեանքի յաջողութիւններուն մէջ եւ հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ ըսաւ. «Կարելի չէ անտեսել այն օրերը, երբ ես 400 քառ. ոտք համեստ տան մէջ կ՛ապրէի եւ այդ տունը Սօսին դարձուց պալատի: Այն օրերուն, երբ մենք ինքնաշարժ չունէինք եւ Սօսին քանի մը պասեր կ՛առնէր, որպէսզի մեր զաւակները բժիշկի տանէր: Այն օրերուն, երբ Սօսին մեր տունը աղօթքով լեցուց, յոյս եւ լոյս բերաւ մեր տունին մէջ. կարելի չէ, որ ես մոռնամ այդ օրերը»:
Եզրակացնելով՝ եղբայրը վերանորոգեց ՀՄԸՄականի իր ուխտը եւ իր ու Սօսիին անունով խոստացաւ իր կարելին ի գործ դնել, ՀՄԸՄի յարատեւման, յաջողութեան եւ վերելքին համար:
Կարօ Էշկիեանի սրտառուչ պատ-գամէն ետք, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան գեղեցիկ անակնկալով մը յայտարարեց, թէ ՀՄԸՄի նախորդ տարիներու Պատուոյ նախագահներէն՝ Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեանները, շնորհաւորելով իրենց հարազատ ընկերոջ՝ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններու Նաւասարդեանի 44րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնելու ուրախ առիթը, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կը նուիրեն 25,000 տոլար:
Գեղեցիկ այս անակնկալէն ետք, երեկոն խանդավառեց «Ալըն Ճի» եւ իր նուագախումբը՝ յաղթական ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահէն ներս:
Ուշ երեկոյեան, ներկաները ոգեւորութեամբ մեկնեցան տուն, 3-6 Յուլիսին տիրական ներկայութիւն հանդիսանալու Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած փառատօնին, մարզական մրցումներուն եւ փակման գեղեցիկ հանդիսութեան: