ԵՐԵՒԱՆ.- Բժշկական համալսարանին նախաձեռնութեամբ իրականացող ծրագիրի ծիրին մէջ, Արցախի դպրոցներու եւ նախադպրոցական հաստատութիւններու շուրջ 150 մանկավարժներ հետեւեցան բժշկական առաջին օգնութեան վերապատրաստման դասընթացքներու: Ապագայ բժիշկները 2 օր՝ 29էն 30 Յունիս սորվեցան օձի եւ կարիճի խայթոցներու ու այրուածքներու ատեն կենսական նշանակութիւն ունեցող հմտութիւններ: Բժշկական առաջին օգնութեան ծրագիրին մասնակցողները ծանօթացան անհրաժեշտ ձեւերու՝ տուժած անձին կեանքը փրկելու եւ հաւանական բարդութիւնները կանխելու նպատակով: Արցախի մէջ մեկնարկած Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ծրագիրին առանցքը կը հանդիսանար կարեւոր գաղափար մը՝ բժշկական առաջին օգնութեան հմտութիւններ ուսուցանել իւրաքանչիւրին, յատկապէս՝ ուսուցիչներուն, դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն:
Կարեւոր կը համարուի, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի տիրապետէ՝ ինչպէս կարելի է վարուիլ զանազան իրավիճակներու մէջ՝ չվնասելով սխալ միջամտութիւններով, որովհետեւ բժշկական առաջին օգնութիւնը կրնայ ճակատագրական ըլլալ տուժածին համար: Արցախի մէջ բժշկական առաջին օգնութեան դասընթացքին մասնակցողներուն հետաքրքրուածութիւնը եւ ներգրաւուածութիւնը շատ լաւ եւ գոհացուցիչ նկատուեցաւ, մանաւանդ որ մասնակցողներուն թիւը ակնկալուածէն աւելի էր։ Նկատի ունենալով այս հանգամանքները՝ ԵՊԲՀը նախատեսած է շարունակել ծրագիրը Արցախի մէջ՝ ընդգրկելով աւելի մեծ թիւով մասնակցողներ:
Արցախէն ընթացք առած ծրագիրը տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարներուն հովանաւորութեամբ:
Համալսարանին նախաձեռնած ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ եւ անիկա պիտի գործադրուի հանրապետութեան այլ դպրոցներու եւ նախադպրոցական հաստատութիւններու մանկավարժներուն համար: Երիտասարդ բժիշկներու եւ ԵՊԲՀի ուսանողներու խումբը Արցախի մէջ ծրագիրը իրականացուց փոխնախագահ Գառնիկ Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ: