ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ՝ քննարկելու համար երկրին հասարակական-քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Այս ծիրին մէջ, 29 Յունիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում «Ազատութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Հրանդ Բագրատեանի եւ իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, սահմանադրագէտ Նորայր Փանոսեանի հետ: Դաշնակցութեան կողմէ հանդիպումին կը մասնակցէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան:
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուեցան երկրին ընկերային-տնտեսական, քաղաքական իրավիճակին վերաբերող լայն շրջանակ մը հարցերու, որոնց կարգին՝ Արցախ-Հայաստան անվտանգութեան հարցեր, դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումներ, մեր երկրին համար ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները եւ այդ հարցերուն շուրջ համագործակցութեան կարելիութիւններ:
Կողմերը համաձայնեցան շարունակել քաղաքական խորհրդակցութիւնները: