Մարսէյի Համազգայինի դպրոցի տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 7 Յունիսին:
Օրուան հովանաւորներն էին դպրոցին բարեկամ տէր եւ տիկին Ալէն Քասքասեանները. ընտանիք մը, որ միշտ նեցուկ կանգնած է Համազգայինի դպրոցին:
Ներկայ էին Մարսէյի քաղաքապետարանի եւ 11րդ եւ 12րդ շրջաններու երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետի տնտեսական հարցերու կցորդ Տիտիէ Բարակեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Եւրոպայի պատասխանատու Սելլա Թնճուկեան, դպրոցի հիմնադիրներէն Ատոմ Թնճուկեան, Մարսէյի դպրոցի խնամակալութիւնը, Courants d’Art-ի անձնակազմը եւ առաւել քան 200 հիւրեր:
Նախքան հանդիսութիւնը դպրոցի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա հիւրերը մտան դպրոցը՝ դասարան մը կնքելու Անահիտ Տէր Մինասեանի անունով, տէր Արշէն Մովսէսեանի օրհնութեամբ:
Երեկոյեան Ժամը 9ին, ներկաները անցան դպրոցին սրահը՝ ընթրիքի: Երեկոյթին հանդիսավար Րաֆֆի Քուդսուզեան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց Ժիլպեր Մարքոյեանը, որ ներկայացուց պատուոյ սեղանի հիւրերը եւ մասնաւորապէս յիշեց Մարսէյի մէջ Քասքասեան ընտանիքի մտերմութիւնը Աւետիս Ահարոնեանի հետ եւ անոնց ցուցաբերած հոգատարութիւնը երբ ան հիւանդ էր:
Քասքասեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ դպրոցին զօրավիգ կանգնիլը ոչ միայն պարտականութիւն է, այլ նաեւ հաւատք. ան գնահատեց դպրոցի յառաջդիմութիւնը, ընդգծեց մասնաւորապէս երիտասարդներու մարմնամարզի կարեւորութիւնը:
Ապա, խօսք առաւ Սելլա Թն-ճուկեան. ան նախ վերյիշեց յուզիչ դրուագներ Համազգայինի 90ամեակի հանդիսութենէն, որ տեղի ունեցած էր 2018ին, Հայաստանի մէջ: Ներկայացուց Եւրոպայի Համազգայինի մասնաճիւղերու գործունէութիւնը եւ յոյս յատնեց, որ մշակութային աշխատանք կը տարուի եւրոպական հայաշատ այլ երկիրներու մէջ ալ: Ընկերուհին աւելցուց, որ միասնական ձեռնարկներու ծրագրաւորման աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են:
Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան իր եզրափակիչ պատգամին մէջ գնահատեց դպրոցի խնամակալութեան անձնակազմին եւ Courants d’Art-ի մշակութային աշխատանքները։ Ան յիշեց նախկին տնօրէններէն Յակոբ Պալեանի եւ Լուսին Մալիքեանի ներդրումը դպրոցին եւ յատկապէս գնահատեց Սեդա Պիպեռեանի, որ շուտով հանգստեան պիտի կոչուի, տարիներու տնօրէնութեան վաստակը:
Ան յոյս յատնեց, որ նոր տնօրէնուհի Շաքէ Ժամկոչեանի ստանձնումով՝ դպրոցը նոյն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ Համազգայինի հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը:
Երեկոյթը շարունակուեցաւ սր-տաբուխ նուիրատուութիւններու երկար շարքով մը, որուն գումարը հասաւ 93,000 եուրոյի։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»