ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 28 Յունիսին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի միջեւ: Հանդիպումին վեհափառին կողքին ներկայ էին Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ հայրապետին գաւազանակիր Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի հայ համայնքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Կիպրոսի ու Հայաստանի յարաբերութեանց հետ կապ ունեցող շարք մը հարցեր:
Հայրապետը ողջունեց նախագահին վերընտրութիւնը, որ տեղի ունեցած էր շուրջ տարի մը առաջ եւ որուն նախօրեակին «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրած էր զինք: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Կիպրոսի հայութեան նկատմամբ նախագահին ու կառավարութեան զանազան առիթներով ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար: Ան նաեւ ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխարհասփիւռ թեմերու, միջեկեղեցական յարաբերութեանց ու յատկապէս Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ սերտ գործակցութեան։
Յակոբ Բագրատունի, իր կարգին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին ողջոյնները փոխանցեց Կիպրոսի նախագահին եւ անդրադարձաւ Կիպրոսի եւ Լիբանանի ծովային սահմաններէն ներս քարիւղի ու կազի շտեմարաններու բաժանման ու գործածութեան վերաբերող ծրագիրին՝ ընդգծելով Լիբանանի ու Կիպրոսի գործակցութեան կարեւորութիւնը։
Նախագահ Անասթասիտիաս ջերմօրէն ողջունելով վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Կիպրոս, յիշեց իր ունեցած հանդիպումները թէ՛ Կիպրոսի, թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքի եւ թէ Պրիւքսէլի մէջ. ան իր յարգանքն ու գնահատանքը յայտնեց կիպրահայ գաղութին՝ շեշտելով անոր ամուր կապուածութիւնը կղզիին ու անոր արդար դատին: Այս առիթով նախագահը նաեւ խօսեցաւ կիպրական հարցին մասին, վեհափառին ու անոր ընկարակցող պատուիրակութեան հետ բաժնելով իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները։
Հանդիպման աւարտին, հայրապետը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Նարեկ» աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրին կրկնօրինակը նուիրեց նախագահին: