ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- 29 Յունիսին անյայտ կորսուած ազատամարտիկներուն նուիրուած խորհրդանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ՝ մասնակցութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, պետական այրերու, բարձրաստիճան զինուորականներու եւ հանրային լայն շրջանակի ներկայացուցիչներու:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ արարողութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան գոյապայքարի տարիներէն անյայտութեան մէջ թաղուած ազատամարտիկներու ճակատագիրներուն, վերջիններուս եւ անոնց հարազատներուն հարցերով զբաղող պետական յանձնախումբին եւ հասարակական կազմակերպութեան գործունէութեան, նաեւ շեշտուեցաւ, որ տարիներու հետ որոնողական եւ յարակից միւս ծրագրային գործընթացները պէտք է իրականացնել աւելի հասցէական:
Աւարտին Արցախի թեմի առաջնորդին կողմէ կատարուեցաւ օրհնութեան կարգ՝ ի յիշատակ զոհուած եւ անյայտ կորսուած ազատամարտիկներուն: