ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 28 Յունիսին ընդունեց «Ծագումով Հայեր» նախագիծի խումբ մը մասնակիցներ, որոնց մէջ էին աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգչուհի Ռոզի Արմէն, Հոլիվուտի դերասան Մարքօ Խան, Գանատայի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Վան Լափոյան եւ սփիւռքահայ անուանի այլ գործիչներ:
Նախագիծը կը միաւորէ տարբեր բնագաւառներու հայորդիներ՝ արուեստագէտներ, բժիշկներ, հոգեւորականներ եւ գործարարներ: Պետական նախարարը բարձր գնահատեց ջանքերը բոլոր անոնց, որոնք Արցախի զարգացման հայանպաստ եւ հայապահպան գործունէութեան մէջ մեծ ներդրում եւ աջակցութիւն ունեցած են:
Գրիգորի Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ապրելով ու արարելով աշխարհի տարբեր անկիւններում՝ դուք հաւատարիմ էք մնում հայկական ակունքներին։ Հենց այդ հաւատարմութիւնն է մեր կարողութիւնները բազմապատկում Արցախում, Հայաստանում եւ Սփիւռքում: Լիայոյս եմ, որ այսօրուայ մեր հանդիպումն ու եռամիասնութեան ամրապնդման գործում ձեր ունեցած աւանդի արժեւորումը խթան կը հանդիսանայ համահայկական ներուժը որակապէս նոր հարթութիւն տեղափոխելու հարցում»:
Պետական նախարարը պատուիրակութեան անդամներուն յուշամետալներ ու շնորհակալագիրներ յանձնեց՝ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ կապերու ամրապնդման մէջ անոնց ունեցած նշանակալի աւանդին համար:
Հիւրերը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ իրենց վաստակը ըստ արժանւոյն գնահատելու համար՝ վստահեցնելով, որ Արցախ պիտի շարունակէ մնալ իրենց ուշադրութեան եւ հոգատարութեան առարկայ:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղական Ֆելիքս Խաչատրեանը: