ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Համազգայինի Արցախի գրասենեակի ու Արցախի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ, 25 Յունիսին սփիւռքահայ գրող, գիտնական, թատերագէտ եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Մարգարեանի ծննդեան 80 եւ ստեղծագործական կեանքի 65ամեայ յոբելեանները նշուեցան Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանին մէջ։
26 թատերախաղերու հեղինակին եւ առաւել քան 50 դերեր ստանձնած Հրանդ Մարգարեանի յոբելեաններուն նուիրուած գրական ցերեկոյթին ներկայ եղան Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէ անդամներ Վահրամ Բալայեան եւ Վահագն Դադայեան, Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Մելանեա Բալայեան, Համազգային Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան, բանաստեղծ, թատերագիր, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր եւ Արցախի գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան, բանաստեղծ, գրականագէտ, հրապարակախօս եւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սոկրատ Խանեան եւ համալսարանի ուսանողներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարդան Յակոբեան, որ ողջունեց ներկաները եւ արժեւորեց Հրանդ Մարգարեանի բեղուն ուղին ու գրական եւ թատերական ժառանգութիւնը:
«Սովորաբար մենք հայրենեաց պաշտպան ենք անուանում նրանց, ովքեր սահմանն են անառիկ պահում, բայց կան նաեւ գրչի, բեմի, հայրենիքի պաշտպաններ. Հրանդ Մարգարեանը պաշտպանների հէնց այդ տեսակին է պատկանում: Նրա վաստակը մեծ է, եւ մէկ օրուայ համար չէ: Նա լծուել է հայրենապաշտպանութեան գործին՝ շարունակելով արեւմտահայ լաւագոյն գրողների աւանդոյթները: Ճշմարիտ բանաստեղծը նա է, ով նոր ճանապարհ է ստեղծում: Եւ այդ ճանապարհը որտեղ էլ ստեղծուի, պէտք է ուղեկցի մայր հայրենիք: Հրանդ Մարգարեանի ստեղծած ճանապարհը նրան վերադարձնում է հայրենիք», յայտնեց Յակոբեան եւ Հրանդ Մարգարեանին յանձնեց Արցախի գրողներու միութեան անդամակցութեան տոմսը:
Հերմինէ Աւագեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Մարգարեան մեծապէս նպաստած է մշակութային եւ գրական կեանքի զարգացման, օժանդակած կրթական օճախներուն մէջ հայեցի դաստիարակութեան: «Կեանքի լաւագոյն տարիները նա նուիրել է կուսակցական գործունէութեանը եւ Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութեանը: Հրանդ Մարգարեանը հայ մշակոյթը եւ հայ գրականութիւնը ստեղծող, պահպանող եւ սերմանող մշակներից մէկն է», յայտնեց Աւագեան՝ նշելով, որ Մարգարեանի վաստակը մեծ է ո՛չ միայն հայրենապաշտպանութեան, այլ նաեւ հայրենիքին աջակցելու առումով:
Հ. Մարգարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ ընթերցեց իր ստեղծագործութիւններէն քանի մը հատը։ «Ծննդեանս 80 եւ ստեղծագործական կեանքիս 65ամեակները Արցախի մէջ նշելը մեծ երջանկութիւն է», հաստատեց ան։
Աւարտին ցուցադրուեցաւ Համազգայինի պատուէրով պատրաստուած ժապաւէնը՝ նուիրուած Հրանդ Մարգարեանի ծննդեան 80 եւ մշակութային գործունէութեան 65ամեակներուն: