ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Կէս կատար գիտցած արաբերէնս չմոռնալու միտումով, Պաղեստինցի իսլամ գործընկերուհիի մը հետ խօսած ատեն, կը փորձեմ իր լեզուով խօսիլ:
Երկու իրաւազրկուած ազգեր ենք: Տարբեր ազգի եւ տարբեր կրօնքի, երկուքս հեռու մեր ծննդավայրէն, բնականաբար յաճախ կը յիշենք այն վայրը, ուր ծնած ու հասակ առած ենք: Ես յաճախ կը յիշեմ Էշրէֆիէն եւ Պուրճ Համուտը, իսկ ինք՝ իր ծննդավայրը, հիւսիւսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը:
Շատ բան չեմ յիշեր Թրիփոլիէն: Պատանեկութեանս տարիներուն, քանի մը անգամ միայն այցելած եմ այդ քաղաքը, իսկ ինք՝ երբե՛ք չէ գտնուած Էշրէֆիէ, իսկ Պուրճ Համուտ, միայն մէկ անգամ այցելած է «Արաքս» նշանաւոր շուկան:
Այդ օր, ո՛չ Պուրճ Համուտի, ոչ ալ Թրիփոլիի մասին խօսեցանք: Անտրամադիր էր եւ իր ցաւերը հասկցող անձ մը կը փնտռէր եւ ամերիկացի ոեւէ գործընկերոջ պիտի չկարենար բացատրել իր հոգեվիճակը:
* * *
Կը կարծէի, որ 21րդ դարուն, Ամերիկայի նման «զարգացած» երկրի մը մէջ, նախապաշարումները եթէ ո՛չ անհետացած՝ գէթ նուազած ըլլային: Ըստ երեւոյթին այդպէս չէ: Տակաւին կան որոշ թիւով նախապաշարումներու հաւատացողներ, եւ այդ «հաւատքը» վերջերս պատճառ դարձաւ, որ երկու գլուխ սխտորը վերածուի «Կաթիլ Մը Մեղրի»:
Չկարծէք, որ սխտորի կծու համն ու անախորժ հոտը յանկարծ վերածուեցան մեղրի անուշ համին ու հոտին: Քաւ լիցի: Հրաշքի դարը շատոնց անցած է, սակայն նախապաշարումներու հետեւանքով Լոս Անճելըսի մէջ վերջերս պատահած դէպք մը, այնքա՜ն յիշեցուց Յովհաննէս Թումանեանի «Կաթիլ Մը Մեղր» հեքեաթին գործած աւերները:
Բոլորիս ծանօթ է այնքա՜ն համով մեղրի անախորժ հետեւանքներով հեքեաթը, սակայն կարելի՞ է երեւակայել կծու համով եւ անախորժ հոտով սխտորը, որ բժշկականօրէն փաստուած է, որպէս շատ մը հիւանդութիւններու օգուտ, կրնար նաեւ գէշ հետեւանքներու դուռ բանալ:
Նախ՝ ըսեմ, որ պատմելիքս, «կաթիլ մը մեղր»ի նման հեքեաթ մը չէ: Իսկական պատահած դէպք մըն է, որ վերջերս տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի նման հսկայ խառնարանին մէջ, ուր տարբեր ազգերու եւ կրօններու պատկանող դրացիներու միջեւ, փոքրիկ միջադէպ մը կրնայ մինչեւ իսկ դատարան առաջնորդել:
Երկու գլուխ սխտորը, «Կաթիլ մը Մեղրի»ի տարողութեամբ աւերներ չգործեց: Երկու դրացի քաղաքներու բնակիչները զիրար չսպաննեցին, սակայն տակաւին խնդիրը իր վերջնական լուծումին չէ յանգած:
«Աստուած վերջը բարի ընէ», ինչպէս պիտի ըսէին մեր ծնողները:
Յովհաննէս Թումանեանի ծն-նդեան 150ամեակն է այս տարի: Եթէ իր ժամանակներուն նման դէպք մը պատահած ըլլար, մեծ գրագէտը, վստահաբար հիանալի ոտանաւոր-հեքեաթ մը ժառանգ պիտի ձգէր հայ գրականութեան:
Յովհաննէս Թումանեանի նման, դէպքը հետաքրքրական ձեւով ներկայացնելու տաղանդը չունիմ: Մինչ՝ նորավէպի իշխան Գրիգոր Զօհրապ պիտի ըսէր.- «Կեանքը Ինչպէս Որ Է», ես իմ կարգիս պիտի գոհանամ նկարագրելով «դէպքը ինչպէս որ է»:
* * *
Կէսօրուան ճաշի դադարին էր, երբ գործընկերուհիս պատմեց պատուհաս դարձած, երկու գլուխ սխտորի «սխրագործութիւնը»:
«Շաբաթ առաւօտ էր: Քանի մը ժամէն ամուսինս օդակայան պիտի հասցնէի: Լիբանան պիտի այցելէր: Տասնամեակներէ ի վեր չէր այցելած իր ծնողքին եւ եղբայրներուն:
«Ճամբայ ելլելէ առաջ, համով «ֆուլ» մը պատրաստէ», ըսաւ ամուսինս: «Տեսնենք ո՞ր մէկը աւելի համով է: Ամերիկայի՞, թէ Լիբանանի «ֆուլը»»:
«Կախում ունի պատրաստողէն», ըսի ու անմիջապէս ուղղուեցայ խոհանոց: Շաբթուայ գնումս տակաւին չէի կատարած, եւ նկատեցի որ բաւարար սխտոր չունէի: Շուկայ երթալս բաւական ժամանակ պիտի խլէր: Չէի ուզեր ամուսինս ճամբու դնել նախքան իր սիրած նախաճաշը վայելելը: Մենք՝ իսլամներս, կը հաւատանք որ երբ մէկը իր փափաքը չկատարուած ճամբորդէ, կրնայ գէշ բան մը պատահիլ: (Արդէն իսկ պատմութիւնը սկսաւ նախապաշարումով):
Կողքի դրացիս Իսրայէլէն գաղթած հրեայ տարիքոտ կին մըն է: Որքան ալ զիրար չհանդուրժենք, միջինարեւելեան կարգ մը սովորութիւններ, ի յարկին տակաւին կը գործադրենք, ուստի դիմեցի իրեն: Բացատրեցի ժամանակիս սղութեան պատճառով շուկայ երթալու անկարելիութիւնս, եւ… երկու գլուխ սխտոր խնդրեցի իրմէ, խոստանալով յաջորդ օրը աւելիով վերադարձնել:
«Այսպէս անկեղծ, այսպէս սիրով,
Մեղրէն անուշ լաւ խօսքերով,
Երբ մեղրը կ՛առնեն կշռին վրայ,
Կաթիլ մը մեղր գետին կ՛իյնայ»: (Յովհաննէս Թումանեան)
Համով հոտով իրարու բարեմաղթանքներէ ետք, կծու համով եւ անախորժ հոտով երկու գլուխ սխտորով կը վերադառնայ տուն, եւ անմիջապէս կը սկսի պատրաստելու Լիբանանեան «ֆուլ»ը՝ լիբանանէն տասնեակ հազարաւոր մղոններ հեռու:
«Տակաւին չէի աւարտած, երբ տանս դրան զանգը լսեցի:
Հրեայ դրացուհիս էր»:
«Տուած սխտորներս անմիջապէս ետ վերադարձուր», այնքա՜ն ուժգին պոռաց, որ ամուսինս եւ երկու տղաքս անտեղեակ, թէ ի՛նչ սխտորի մասին է խօսքը, դիմեցին դէպի դուռը:
Կատղած շան մը կը նմանէր»:
«Շուտ, վերադարձուր տուած սխտորս: Ինծի կամ ընտանիքիս անդամներէն մէկուն գէշ բան մը եթէ պատահի, Աստուծմէ գտ-նես»:
«Զինք հանդարտեցնելու փորձերս ապարդիւն անցան: Անդադար նոյն բանը կը կրկնէր. «Վերը Աստուած կայ: Աստուծմէ գտնես»»:
Վերջին քանի մը տասնամեակներուն, շատ բան փոխուած է Լոս Անճելըսի կենցաղին մէջ: Հրեային կողքի դրացին, նախապաշարեալ հնդկուհի մըն է: Հետաքրքրութեամբ պատուհանէն հետեւելով երկու դրացիներուն «առուտուրին», անմիջապէս ծեծելով հրեայ դրացիին դուռը, զգուշացուցած է, որ դրացիի մը սխտոր տալը կրնայ գէշ հետեւանքներ ունենալ: Իբրեւ թէ պաղեստինցին դիտումնաւոր կերպով ուզած է սխտորը եւ շուտով գէշ բան մը պիտի պատահի, եթէ չվերադարձուի:
«Համոզելու փորձերս անօգուտ էին, որ նման նախապաշարումներու չհաւատայ եւ թէ անկարելի էր վերադարձնել տրուած սխտորը, որովհետեւ արդէն իսկ եփած էր:
Տարբեր նախապաշարեալ մըն է նաեւ ամուսինս: Սաստիկ բարկացաւ, երբ իմացաւ, մեր հողերը գրաւած Իսրայէլացի անձէ մը փոխ առած սխտորը գործածած եմ պատրաստելու իր սիրած նախաճաշը, որ ըստ իրեն «հարամ» էր:
Չհամտեսեց, նոյնիսկ արգելք հանդիսացաւ, որ երկու տղաքս եւ ես ուտենք այդ «անիծեալ ֆուլը»:
Ամուսինս հասցուցի օդակայան առանց համտեսելու հրեային սխտորով պատրաստուած «հարամ» նախաճաշը»:
* * *
«Կը կարծէի, որ այսքանով վերջացաւ հարցը: Սխալած էի: Բուն խնդիրը նոր պիտի սկսէր:
Յաջորդ առաւօտ, տանս զանգը դարձեալ հնչեց: Միամտաբար կը կարծէի, թէ դրացուհիս զղջացած՝ եկած է ներողութիւն խնդրելու իսկ ես, իմ կարգին, մտովի կը շարադրէի ըսելիքներս: «Մենք դրացիներ ենք, ամէն օր իրարու երես կը նայինք: Ես արդէն իսկ մոռցած եմ եւ ներողութիւն խնդրելու կարիքը չկայ: Հրամմէ՛, գաւաթ մը սուրճով հիւրասիրեմ քեզի»: Այս մտածումներով բացի դուռը եւ ի՞նչ տեսնեմ: Երկարահասակ, թիկնեղ անձ մը դէմս կեցած՝ քիչ մնաց ներս պիտի խուժէ: Դրացուհիիս տղան էր:
«Ո՞ւր է, կանչէ, երկու խօսք ունիմ իրեն»:
«Ո՞վ ուր է, որո՞ւ մասին կ՛ակնարկես», հարցուցի զարմացած:
«Ամուսինդ եթէ այս վայրկեանին դուրս չգայ, ես գիտեմ ընելիքս», վսաւ:
Երէց տղաս, արդէն իսկ հեռաձայներ էր ոստիկանութեան, որ շատ չուշացաւ: Նախ՝ յանձնարարեցին, որ հեռանայ տանս առջեւէն, իսկ տեսնելով իր ընդիմութիւնը եւ ներս մտնելու փորձերը, ձերբակալեցին ու տարին ոստիկանատուն: Սաստիկ վախի մէջ էի: Ի՞նչ պիտի ըլլար ասոր հետեւանքը: Ամուսինս արդէն ճամբորդած է եւ 3 շաբաթ ետք պիտի վերադառնայ տուն, իսկ երկու տղաքս՝ տաքարիւն երիտասարդներ կրնային իրենք ալ իրենց կարգին խենթութիւն մը ընել:
Երեք շաբաթը երկար տեւեց: Ամուսինս ու ես, ամէն օր իրարու հետ կը խօսէինք, սակայն բնաւ այդ նիւթը չէի բանար, ինքն ալ իր կարգին, այդ դէպքը մոռցած կը թուէր ըլլալ, կամ՝ իր հարազատներուն մօտ չէր ուզեր խօսիլ այդ մասին: Գալով հրեայ դրացուհիիս, ամէն անգամ, իրարու հանդիպինք՝ «Աստուծմէ գտնես» ըսելով կուրծքը կը ծեծէ: Բնականաբար, չեմ պատասխաներ, սակայն ես ալ, իմ կարգին, հետաքրքրուած եմ, թէ ի՛նչ եղաւ իր տղուն վախճանը: Բանտարկեցի՞ն, թէ ազատ արձակեցին: Մէկ բան յստակ է: Այդ օրուընէ ի վեր չէ այցելած իր մօրը»:
Պաղեստինցի իսլամը, կը հաւատայ «Քարմա»ի:
«Քարմա»: Բառ մը, որ նախապէս չէի լսած եւ առաջին անգամ իրմէ լսեցի:
* * *
Հանճար մըն է Յովհաննէս Թումանեան: Իր գրութիւնները լոկ հեքեաթներ չեն: Մեր ամէնօրեայ պատահած դէպքերն են:
«Երկու գլուխ սխտորը» նոյնացաւ «կաթիլ մը մեղրին հետ»: Աննշան կարծուած դէմք մը դարձաւ պատուհաս: Դէպք մը, որ կարելի է նոյնացնել նաեւ Թումանեանի «Շունն ու Կատուն» հեքեաթին հետ:
Երկու դրացիները դարձան «Շուն ու Կատու»:
«Էն օրուանից մինչեւ օրս էլ
Շունն էս բանը չէ մոռացել
Իրեն մորթը ետ է ուզում»:
Ամէն անգամ, երբ երկու դրացիները իրարու հանդիպին, հրեայ տարեց կինը նոյն բանը կը կրկնէ. «Վերը Աստուած կայ: Աստուծմէ գտնես»:
«Իսկ սեւերես կատուն յանկարծ
Ետ է դառնում ու բարկացած
Փշտացնում է, մթամ նոր եմ
Ցրցամ տուել, թէ որ կարեմ»:
Մինչ՝ պաղեստինցի արաբը կը հաւատայ, որ իր դրացիին «գէշ» վերաբերմունքը ուշ կամ կանուխ, անպայման պիտի վերադառնայ իրեն:
«Քարմա» կ՛ըսէ ու կը շարունակէ իր ճամբան: