ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 25 Յունիսին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցան Լիբանանի Պեքաայի նահանգապետ Քամալ Ապու Ժաուտէի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեանի եւ լիբանանցի գործարար Նիքոլա Ապու Ֆայսալի հետ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ներկայացուց հայաստանեան իր օրակարգը՝ շեշտը դնելով Տաւուշի եւ Պեքաայի միջեւ համագործակցութեան յուշագիրի մշակման վրայ:
Հանդիպումին ընթացքին անգամ մը եւս կարեւոր նկատուեցան լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները՝ նշելով, որ կայ մեծ ներուժ զանոնք աւելի արդիւնաւորելու եւ բարձր մակարդակի հասցնելու։
Ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը եզրափակուեցաւ ներդրումային ծրագիրներու կարելիութիւններուն վերաբերող քննարկումներով եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեամբ: