ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերաքննիչ քրէական դատարանը հրապարակեց Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով մեղադրող կողմին եւ Մարտ 1ի գործով տուժողներու իրաւայաջորդներու բողոքներուն վերաբերեալ որոշումը, որով բաւարարեց մեղադրող կողմին եւ տուժողներու իրաւայաջորդին բողոքները։ Այդպիսով, բեկանուեցաւ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած կալանաւորման վերացման վերաբերեալ որոշումը. ուստի Քոչարեան դարձեալ պիտի բանտարկուի։
«Վերացւում է նաեւ Քոչարեանին ազատ արձակելու հիմք հանդիսացած՝ Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի անձնական երաշխաւորութիւնը», ըսաւ դատաւոր Արմէն Դանիէլեան:
Ռոպերթ Քոչարեան, անոր պաշտպանները եւ ընտանիքը՝ ի նշան բողոքի, չմասնակցեցան դատական նիստին, որովհետեւ դատաւոր Արմէն Դանիէլեան նախորդ դատական նիստին թոյլ չէր տուած անոնց ներկայացնելու իրենց դիրքորոշումները։
Հայաստանի նախկին նախագահը ներկայացաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մեկուսարան, ողջունեց իրեն աջակցողները եւ յայտարարեց, որ ո՛չ օրէնք կայ, ո՛չ ալ օրինականութիւն։ Անոր որդին՝ Լեւոն Քոչարեան ըսաւ, թէ դատարանին մէջ չեն արտօնած, որ պաշտպան կողմը խօսի։ Քոչարեանի փաստաբանները նշեցին, որ կը պատրաստուին բողոքարկելու այս որոշումը՝ իբրեւ հիմք ունենալով այն փաստը, որ ի սկզբանէ խաթարուած է արդար դատաքննութեան սկզբունքը։
The day when Robert Kocharyan is convicted will be a National Holiday for Armenian Nation.