ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, 16 Յունիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։
Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան։
Հայրերու օրուան առիթով եւ տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն՝ պատարագին ընթացքին գնահատանքի արժանացան երկու օրինակելի հայրեր՝ Օննիկ Պէրպէրեան եւ Կէրի Տաղլեան։
Առաջնորդ սրբազանը Եղիա մարգարէի Կիրակիի խորհուրդը վեր առնող իր հոգեւոր պատգամի աւարտին, հայրերու օրուան առթիւ օրհնեց եւ շնորհաւորեց բոլոր հայրերը եւ ընդգծեց տիպար հօր յատկանիշները, յորդորելով, որ անոնք պէտք է ըլլան հաւատացեալ, հաւատարիմ եւ օրինակ դառնան իրենց զաւակներուն՝ բարեպաշտութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ, դրական ներշնչում եւ յոյս տալով իրենց ընտանիքներուն։
Տէր հայրը, ներկայացնելով օրուան մեծարեալները՝ վեր առաւ Օննիկ Պէրպէրեանի նիւթաբարոյական նուիրուածութիւնը Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանին եւ իբրեւ ատենապետ՝ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին։ Տէր հայրը նաեւ գնահատեց Կէրի Տաղլեանի նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ։
Յանուն ծխական համայնքին, առաջնորդ սրբազանը, իր կողքին ունենալով Հոգաբարձութեան ատենապետ Մարտիկ Պուլտուգեանը եւ անդամ Մատլէն Աշճեանը՝ յուշատախտակներ փոխանցեց մեծարեալներուն։