Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ իր ընդհանուր քարտուղարին՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի վերջերս լոյս տեսած Անգլերէն նոր հատորը՝ «Աստուածաշունչի Յանձնարութիւնը՝ Վերագտնել Հաւատք, Յոյս Եւ Անձը» ստացած է յատուկ մրցանակ մը:
Միացեալ Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնները իրենց միջազգային համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ, 17էն 26 Յունիս 2019ին, եւ որուն կը մասնակցէին առաւել քան երկու հարիւր ներկայացուցիչներ՝ հարիւր երկիրներէ, դոկտ. Ճէպէճեանի հատորը ներկայացաւ եւ ստացաւ լաւագոյն մրցանակի դափնեկիրը։
Միացեալ Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնները իրենց համաշխարհային համաժողովին ընթացքին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ, 2016ին հաստատեց ութ կէտերէ բաղկացած աշխատանքային ծրագրային սկզբունքներ, որոնք յառաջիկայ տարիներուն հիմք պիտի դառնային իւրաքանչիւր երկրի գրասենեակի աշխատանքներուն համար: Եւ այս իմաստով, դոկտ. Ճէպէճեանի հատորը ստացաւ այդ ծրագիրներէն առաջինին՝ «Կեդրոնանալ յատուկ հաւաքականութիւններու վրայ եւ անոնց կարգավիճակներուն» եւ որ կ՛ընդգրկէ Աստուածաշունչի եւ անոր պատգամին ընկալումը՝ ինչպէս գաղթականներու, տեղահանուածներու, անգրագէտներու, ֆիզիքական անկարութիւններ ունեցող մարդոց, այլ հաւատքի պատկանողներու, օտարերկեայ բանուորներու եւ սփիւռքեան գաղութներու մէջ ապրողներու եւ այլն: Այս իմաստով, դոկտ. Ճէպէճեանի հատորը նկատուեցաւ լաւագոյն ծրագիր, որ կ՛ամբողջացնէ այս միջոցառումը, որուն հիման վրայ արժանացաւ առաջին մրցանակին:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՂԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉՕ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ