Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 12 – Հանգոյցներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասերէ՝ «Խրախճանք», «Գարուն Ա, Ձուն Ա Արել…», «Չարտուղի Պատմութիւններ» եւ «Հայեր»՝ 27 գրութիւններով, 72 էջ:
Իր ներածական «Երկու Խօսք»ին մէջ, հեղինակը կը գրէ հետեւեալը.
«Առաջին մասը կը պարունակէ զանազան խրախճանքներու կամ տօնակատարութիւններու առթիւ ապրուած պահեր, մտորումներ:
«Երկրորդին յօդուածները կապուած են բնութեան, յատկապէս ձմռան, ձիւնին ու սառանձրեւին, որոնք մեր կեանքին անբաժան մասը կը կազմեն այս քաղաքին մէջ:
Երրորդ մասը զարտուղի պատմուածքներ են, թէեւ առնչուած մեր առօրեային, սակայն տարօրինակ դարձուածքներով, որոնք ոչ միայն հաճելի պատում մը կրնան հանդիսանալ, այլեւ մտածելու նիւթ հայթայթել:
Վերջապէս, չորրորդ մասին մէջ պիտի հանդիպինք հայերու, որոնց գոյութիւնը, կեանքն ու մտածումները աննկատ չեն անցած գրողին աչքէն»:
Վրէժ-Արմէն դիտել կու տայ, թէ բոլոր գրութիւններն ալ, կը հանդիսանան շարունակութիւնը իր նախորդ հատորներուն, յատկապէս «Ոստայն 4 – Իմ Ուղեպատումը» հատորին, «քանի որ բոլորը իրարու միացնող ընդհանուր յայտարարը մեր ապրած առօրեան է: Օրատետրային, յուշագրական եւ ուղեգրական բնոյթ կը կրեն անոնք ու պատումի մը ոճով ընթերցողը հաղորդ կը դարձնեն զիս յուզող, մտահոգող, խանդավառող կամ անհանգստացնող ու զայրացնող հարցերուն: Այդ հարցերը կ՛արծարծուին տարբեր ձեւերով՝ մնալով միշտ հեղինակին կիզակէտին վրայ»։
Այս հատորը հարստացած է Գրիգոր Ակոբեանի կտաւներով, որոնք կը զարդարեն շապիկի առաջին էջը, ինչպէս նաեւ չորս մասերը իրարմէ բաժնող էջերը:
Հեղինակին վերջին ինը հատորները՝ սկսեալ «Ոստայն 4»էն, մատչելի են ընթերցողին Հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժինին մէջ՝ (https://hayerenblog.wordpress.com/Գիրքեր): Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակին ոչ-անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ: