ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին մէջ, 22 Յունիսին տեղի ունեցաւ ամերիկահայ նշանաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի՝ արդէն աւանդութիւն դարձած, բարեսիրական համերգը, որով ան ամփոփեց մարզերուն մէջ իր տուած վարպետութեան դասընթացքը։
Հայ օգնութեան ֆոնտը այս առիթով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ 1 Յունիսէն սկսեալ, Արծրունի վարպետութեան դասեր եւ համերգներ տուած է Գորիսի, Ստեփանակերտի, Կապանի, Արգաւանդի, Դիլիջանի, Վանաձորի եւ Աշտարակի մէջ: Անոնց ընթացքին իրենք զիրենք լաւագոյն ձեւով դրսեւորած մարզային երաժշտական դպրոցներու աշակերտները կալա համերգ տուած են անուանի դաշնակահարին հետ:
«Այս համերգաշարները նպատակ ունին ներկայացնելու եւ քաջալերելու Հայաստանի եւ Արցախի երաժշտական դպրոցներու շնորհալի սաները: Ես նպատակ ունիմ երիտասարդ սերունդին փոխանցելու իմ գիտելիքները եւ վարպետութիւնը, ճանաչելի դարձնելու զանոնք եւ զարգանալու նոր կարելիութիւն ընձեռնելու», ըսաւ Շ. Արծրունի։
Կատարումներու ցանկը ներառած էր Արամ Խաչատուրեանի, Կոմիտասի, Շոփենի, Շուպերթի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի, Ծովինար Յովհաննիսեանի, Խաչատուր Ներսիսեանի եւ Արամ Սաթեանի գործերէն:
Համերգին աւարտին, Հայ օգնութեան ֆոնտը շնորհակալագիր յանձնեց Շահան Արծրունիին՝ տարիներ շարունակ պատանի երաժիշտներուն աջակցելուն, իր գիտելիքները եւ փորձառութիւնը անոնց փոխանցելուն համար: Անուանի դաշնակահարը, ի երախտագիտութիւն երկար տարիներու բարեկամութեան եւ աջակցութեան, մրցանակ ստացաւ նաեւ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանէն:
«Մարզային համերգաշարի գլ-խաւոր կազմակերպիչը Հայ օգնութեան ֆոնդն է, որը, համագործակցելով Հայաստանի եւ Արցախի մշակոյթի գերատեսչութիւնների հետ, կազմել էր յագեցած ու տպաւորիչ ծրագիր», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: