ԶԻՒՐԻԽ.- Աշխատանքային այցելութեամբ Զուիցերիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, 24 Յունիսին մասնակցեցաւ գիտութեան եւ արուեստի միջազգային STARMUS փառատօնի բացման արարողութեան, կը տեղեկացնէ նախագահի աշխատակազմի գրասենեակը:
Փառատօնը կը միաւորէ աշխարհահռչակ գիտնականներ, տիեզերագնացներ, երաժիշտներ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ եւ նպատակ ունի ոգեշնչելու հետազօտողներու նոր սերունդը:
Փառատօնը բացաւ անոր գաղափարի հեղինակը հանդիսացող եւ հիմնական կազմակերպիչը՝ հայ աստղագէտ Գարիկ Իսրայէլեան: Ելոյթով հանդէս եկաւ հետազօտութեան, գիտութեան եւ նորարարութեան գծով Եւրոպական յանձնակատար Քարլոս Մօէտաս:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ, փառատօնը համարեց հրաշալի երեւոյթ, որ կը միաւորէ գիտնականներ եւ արուեստագէտներ:
Խօսելով STARMUS-ի միւս բաղադրիչին՝ արուեստին, մասնաւորապէս երաժշտութեան ազդեցութեան մասին՝ ան նշեց, որ երաժշտութիւնը հսկայական ազդեցութիւն ունեցած է «աշխարհը, Խորհրդային Միութիւնը փոխելու, շատ ազգեր, ներառեալ՝ եւ իմ ազգը անկախ ու ազատ դարձնելու գործին մէջ»:
Նախագահը հրաւիրեց յաջորդ՝ վեցերորդ STARMUS-ը Հայաստանի մէջ գումարելու, ընդգծելով, որ Հայաստան աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն է. ան խօսեցաւ Մեծամորի՝ ուրարտական շրջանէն մնացած աստղադիտարանի մասին եւ արդիական Բիւրականի աստղադիտարանին մասին՝ աւելցնելով. «Հայերը կը գնահատեն գիտութիւնն ու կրթութիւնը»: