ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- 19 Յունիսին, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան Ֆրանսայի խորհրդարանի փոխնախագահ Քարոլ Պիւրօ-Պոնարի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին կողմերը անդրադարձան միջխորհրդարանական երկխօսութեան, երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւոր դերին:
Դեսպանուհին ընդգծեց Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ Ֆրանսայի խորհրդարանի դերակատարութեան կարեւորութիւնը, նաեւ դրուատեց Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր արձանագրելու նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի էական քայլը: Անոնք անդրադարձան նաեւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծման գործընթացին շուրջ վերջին զարգացումներուն: