ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին ձեւաւորած կազմակերպական կոմիտէի ներկայացուցիչները՝ Արմէն Ռուստամեան, Դաւիթ Շահնազարեան եւ Գեղամ Նազարեան 25 Յունիսին հանդիպում ունեցան Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան բանակցային գործընթացի ներկայ վիճակին. կազմակերպական կոմիտէի ներկայացուցիչները Ռուսիոյ՝ իբրեւ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրի դեսպան, տեղեկացուցին այս տարուան 7 Մայիսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումի իրականացման եւ անոր նպատակներուն մասին։ Անոնք նաեւ դեսպանին յանձնեցին ֆորումին կողմէ որդեգրուած հռչակագիրին ռուսերէն թարգմանութիւնը: