ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երգիչ, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Յարութ Փամպուքճեան 30 Յունիսին, «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ տալիք համերգին կը պատրաստուի իր խումբին հետ։ Համերգը կը կրէ «30 տարի անց «Հրազդան» մարզադաշտում» խորագիրը։
«Բարդութիւնները շատ-շատ էին, քանի որ մենք գործ ունենք մի մարզադաշտի հետ, որտեղ մօտ 15 տարի ոչ մի միջոցառում չի կազմակերպուել: Բայց մեր սէրը սեփական գործի հանդէպ ու Աստծոյ ողորմածութիւնը կարծես ուժ են տալիս հնարաւորինս լաւ իրականացնել մեր առջեւ դրուած նպատակը», յայտնեց համերգի կազմակերպիչ Խաչիկ Եղոյեան։