ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերիոյ մէջ, 26-29 Յունիսին տեղի ունենալիք «Քրանս Մոնթանա» միջազգային համախմբումի տարեկան ժողովի օրերուն, մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին, հիմնարկութեան այս տարուան «Prix De La Fondation 2019» մրցանակը պիտի շնորհուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին:
«Քրանս Մոնթանա» համախմբումը միջազգային համագործակցութիւնը խրախուսող ազդեցիկ հարթակ մըն է, որուն տարեկան ձեռնարկներուն առաւել քան 100 երկիրներու առանցքային դերակատարներ ոչ-պաշտօնական մթնոլորտի մէջ կը քննարկեն ընկերային, տնտեսական եւ ապահովութեան վերաբերող կարեւոր հարցեր:
Արմէն Սարգսեան «Խաղաղութեան, զարգացման եւ կայունութեան ժամանակակից մարտահրաւէրները եւ զանոնք յաղթահարելու ուղղուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան խթանումը» նիւթով քննարկումներուն հանդէս պիտի գայ իբրեւ գլխաւոր բանախօս:
Նախագահ Սարգսեան Զիւրիխի մէջ պիտի մասնակցի նաեւ գիտութեան եւ արուեստի միջազգային STARMUS փառատօնի բացման եւ հանդէս պիտի գայ ելոյթով: