Հինգշաբթի, 20 Յունիսին, Արամ Ա. կաթողիկոսը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան սուրիական գրասենեակի փոխպատասխանատու Անթուան Լահհամի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Սուրիոյ հարցով զբաղող պատասխանատու դոկտ. Միշէլ Նսէյրը:
Շուրջ երկու ժամ տեւած աշխատանքային հանդիպումին նպատակն էր Սուրիոյ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան ու գործակցութեան հարթակ մը պատրաստել, որպէսզի կարելի ըլլայ նպաստել սուրիոյ վերականգնումի գործընթացքին: Յիշեալ ծրագիրին իրագործման շուրջ, վեհափառը ներկայացուց իր պատկերացումը, նկատի ունենալով ընդհանրապէս շրջանէն ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:
Սոյն խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին Ժընեւի մէջ: