Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց Ուիլեըմ Սարոյեանի երկու գործերու թրքերէն թարգմանութիւնները: «Yuregim Daglardadir» եւ «En Guzel Gunlerin» խորագիրները ունին նշեալ երկու գործերը: Էճէ Էրօղլուի կողմէ կատարուած է անգլերէնէ թրքերէն թարգմանութիւնը երկու գիրքերուն: Երկու գործերն ալ թատրերգութիւններ են եւ հրատարակութեան պատրաստուած են Լորա Սարըի կողմէ:
Հարկ է նշել, որ 2003ին, «Արաս» հրատարակչութիւնը Սարոյեանի այս երկու գործերը լոյս ընծայած էր մէկ կողքի մէջ: Ներկայիս այս երկու գործերը առանձին գիրքերու ձեւաչափով վերահրատարակուած են՝ վերատեսութեան ենթարկուած թարգմանութեամբ:
«Արաս»ը արդէն Ուիլեըմ Սարոյեանի ութերորդ գիրքը կը դնէ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ: