Չորեքշաբթի, 19 Յունիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի ուսուցչաց հանդիպումը կրթական տարեփակին առիթով: Բնականաբար, հանդիպման նպատակն էր ընդհանուր արժեւորումի ենթարկել դպրեվանքի 2018-2019 կրթական տարեշրջանի ուսումնական աշխատանքը, աշակերտներու՝ դասարան առ դասարան եւ աշակերտ առ աշակերտ կատարած աշխատանքը, ապա ճշդել յառաջիկայ կրթական շրջանի ծրագիրին ու կատարուելիք աշխատանքին ընդհանուր ուրուագիծը:
Արամ Ա. վեհափառը, ողջունելով դպրեվանքի ուսուցչական կազմը՝ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոնց հայ ուսուցիչի յատուկ նուիրումով ու բծախնդրութեամբ կատարած իրենց կրթադաստիարակչական աշխատանքին համար: Ապա, խօսելով դպրեվանքին մասին՝ վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ դպրեվանքը սովորական դպրոց մը չէ իր կրթական ծրագիրով, իր միջավայրով եւ իր նպատակով: Անիկա վաղուան հոգեւորականին, ուսուցիչին, մտաւորականին հոգեմտաւոր կազմաւորման լծուած առաքելութիւն է: Այս մօտեցումով պէտք է ուսուցիչը կատարէ իր դերը դպրեվանքին մէջ:
Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ դպրեվանքի ներքին կրթական կեանքին եւ արտադասարանային աշխատանքներուն վերաբերող կարգ մը երեւոյթներու՝ կատարելով անհրաժեշտ թելադրութիւնները: Ան յատկապէս շեշտեց աշակերտին լեզուամտածողութիւնը, քննական ու վերլուծական մօտեցումը խորացնելու եւ զարգացնելու կարեւորութիւնը: Նոյն ժամանակ յիշեցուց դպրեվանքի կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելու հրամայականը՝ նոր ժամանակներու եւ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Յայտնենք, որ հայրապետը իր աբեղայութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ այսօր դպրեվանքին մէջ եղած է ուսուցիչ: Ան այսօր եւս կը դասաւանդէ աստուածաբանութիւն դպրեվանքի աւարտական դասարանին: