ԱՐՄԻՆԷ ՄՈՒՔՈՅԵԱՆ
Ինչպէս միշտ, նաեւ Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019ին, երեկոյեան ժամը 9ին մարդաշատ էին Գանատայի Հայ կեդրոնները: Առիթը ՀՅԴ Գանատայի շրջանի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին զեկուցական եւ հանգանակային հաւաքն էր՝ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն:
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, հայրենիքի հիւսիսային հատուածի դարպասապահ շրջաններ հանդիսացող Լոռիի եւ Ջաւախքի ռազմաքաղաքական կարեւորութիւնը նկատի ունենալով՝ իր «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին միջոցով կ՛իրագործէ օժանդակութեան տարբեր աշխատանքներ: Ինչպէս միջոցառման ընթացքին նշուեցաւ, այսօր համայն հայութեան ուշադրութիւնը աւելի շատ սեւեռած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին, եւ այնտեղ արձակուած իւրաքանչիւր կրակոց անմիջապէս կ՛արձանագրուի աշխարհասփիւռ հայութեան հոգիին մէջ, սակայն այն չէ միակ վտանգուած սահմանը: Այսօր տարբեր մարտահրաւէրներու դիմաց են նաեւ Հայաստանի հիւսիսային տարածքները՝ հայոց աշխարհի երկու կարեւորագոյն հիմնասիւները՝ Լոռին եւ Ջաւախքը, եւ այս շրջաններուն հզօրացումը Հայաստանի ու հայութեան հզօրացումն է, անոնց հզօրացումը կը ծառայէ նաեւ Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ հայութեան բազուկի ամրապնդման:
Միջոցառման իր ելոյթի խօսքին մէջ յանձնախումբի անդամ Վիգէն Աբրահամեան չուզեց ծանրանալ աշխատանքներուն կարեւորութեան վրայ, այլ նշեց. «Հայոց հիւսիսային պատուարի ամրութեան կարեւորութիւնը փաստաբանութեան կարիք չունի: Անիկա ամէն հայու խորին համոզումն է, եւ այդ համոզումն է մեր աշխատանքներուն յաջողութեան բանալին»: Զեկուցելով յանձնախումբին երկամեայ գործունէութեան մասին, ան ներկայացուց, որ փոքրիկ յանձնախումբով յաջողած են բաւական մեծ աշխատանքներ իրագործել, ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն։
Միջոցառումը ունեցաւ նաեւ շատ յուզիչ եւ տպաւորիչ անակնկալ. Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի սաները, հայոց պատմութեան դասերէն սորվելով Լոռիի եւ Ջաւախքի պատմութիւնը, տեղեկացած էին միջոցառման մասին եւ մեծ փափաք յայտնած՝ իրենց լուման բերելու այս աշխատանքներուն: Անոնք ինքնաբուխ նուիրահաւաք կազմակերպած էին ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի, նշանաբան ունենալով Չարենցի «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» պատգամը: Աշակերտները փոխանցեցին, որ իրենք տան եւ դպրոցին մէջ սորված են «միշտ պատրաստ ըլլալ, երբ մեր ժողովուրդը կանչէ մեզ, միշտ ըլլալ ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար»: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց սիրելի ուսուցիչին՝ Մհեր Գարագաշեանին, որ ընդառաջեր էր աշակերտներուն փափաքին եւ օգնած՝ կազմակերպելու զայն: Աշակերտներուն հանգանակութեամբ գոյացած 6555 տոլարը փոխանցուեցաւ յանձնախումբին:
Աշակերտները միջոցառման յուզումը աւելցուցին նաեւ իրենց ասմունքով:
Միջոցառումը իր աւարտիչ ելոյթով ամփոփեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, որ գնահատեց կատարուած աշխատանքները, նշելով որ այս տեսակ աշխատանքները կ՛իրականանան ներշնչումով, հաւատքով եւ նաեւ պարտականութեան ու պատասխանատուութեան բարձր զգացումով: Ան շեշտեց, որ ինչպէս յանուն Արցախի, նմանապէս եւ այս շրջաններու՝ հայ տոհմիկ ազնուականութեան՝ Մամիկոնեաններու, Զաքարեաններու, Բագրատունիներու երկրի, զարգացման համար իր առաւելագոյն ուժերը ներդրած է եւ կը ներդնէ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը՝ իր բոլոր ուղեկից միութիւններով: Կառոյցին ջանքերով վերանորոգուած եւ կահաւորուած են Ալավերտիի, Ստեփանաւանի, Վանաձորի կեդրոնները եւ Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնը, նպատակ ունենալով ստեղծել միջավայր, ուր հայ ժողովուրդին ամենակարեւոր հատուածը՝ երիտասարդութիւնը, հնարաւորութիւն ունենայ, հիմնուելով ազգային արժէքներու եւ հայեցի դաստիարակութեան վրայ, կազմակերպուիլ եւ իրենց նորարարական գաղափարներով ու ծրագիրներով ներգրաւուիլ երկրի զարգացման ու հզօրացման գործին: Րաֆֆի Տօնապետեան կարեւոր նկատեց կառոյցին միջոցաւ Լոռիի մարզին եւ Ջաւախքի մէջ ճամբարներու կազմակերպումը, որ հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ կապ հաստատելու Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ապրող երիտասարդներուն միջեւ, առիթ՝ որպէսզի սփիւռքահայ երիտասարդները աւելի մօտէն ծանօթանան հայրենիքին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, ուղեկից միութիւններուն՝ ՀՕՄին, ՀՄԸՄին, Երիտասարդական եւ Համազգային միութիւններուն, շեշտելով որ առանց անոնց օգնութեան եւ աջակցութեան այս հայրենանուէր աշխատանքները չէին իրագործուեր:
ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին զեկուցական եւ հանգանակային միջոցառումը աւարտեցաւ յանձնախումբի ատենապետ Գաբրիէլ Սոմունճեանի խօսքով, որ յայտնեց, թէ յանձնախումբին երկամեայ գործունէութեան ընթացքին կատարած տարբեր միջոցառումներով հանգանակուած է առաւել քան 100,000 տոլար գումար մը, որուն 22,000 տոլարը՝ սոյն ձեռնարկին ընթացքին: