ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 14 Յունիսին, Արամ Ա. վեհափառին այցելեցին Արցախէն ժամանած խումբ մը գեղանկարիչներ: Անոնք կաթողիկոսին պարզեցին իրենց կատարած աշխատանքները Արցախի մէջ:
Հայրապետը ողջունելով անոնց այցելութիւնը՝ գնահատեց մշակութային բնագաւառին մէջ իրենց կատարած աշխատանքը, ապա, կարեւորութեամբ շեշտեց ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին ու յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հայ մշակոյթին յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, որ մշակոյթը հայ ժողովուրդին համար տարբեր իմաստ ու դերակատարութիւն ունի: Մեր հոգեմտաւոր արժէքները նոյնացած են մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան հետ, մեր ինքնութեան հետ՝ դառնալով մեր գոյութեան ու ամրութեան կարեւոր սիւները: Հայրապետը թելադրեց բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ մօտենալ մեր մշակութային արժէքներուն, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ մեր պետութիւնը, եկեղեցին եւ կառոյցները յատուկ հոգածութիւն պէտք է ցուցաբերեն մեր մշակոյթին առաւել ծաղկման: