ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 12 Յունիսի երեկոյեան, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի տաղանդաւոր գեղանկարիչներու ցուցահանդէս, ինչպէս նաեւ «Ղարաբաղ Կարպետ» ընկերութեան կողմէ արցախեան գորգերու եւ արցախեան ձեռագործ բազմաթիւ աշխատանքներու ներկայացում: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ դոկտ. Գրիգորիս եւ դոկտ. Գեղուհի Պողարեաններու, ինչպէս նաեւ «Պի. Պի. Էյ. Սի.» դրամատան:
Խօսք առաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ ըսաւ. «Այս ձեռնարկով հիմը կը դնենք Արցախի հետ մեր համագործակցութեան եւ վստահ ենք, որ այս անդրանիկ նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկային եւ մեր կապերը օրէ օր աւելի պիտի ամրապնդուին»: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ նախաձեռնութիւնը ունի խորիմաստ պատգամ, որովհետեւ Արցախ բոլոր ժամանակներէ աւելի կարիքը ունի հայութեան զօրակցութեան: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի Արցախի գրասենեակը իր կարգին այդ առաքելութեան գիտակից է եւ իր աշխատանքը կը ծաւալէ սահմանամերձ այն բոլոր գիւղերուն ու շրջաններուն մէջ, ուր ամէն օր կայ թշնամիին սարսափն ու ահազանգը:
Յ. Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Գրիգորիս եւ Գեղուհի Պողարեաններուն, որոնք միշտ զօրավիգ են Համազգայինի բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ձեռնարկին ներկայ եղած «Պի. Պի. Էյ. Սի.» դրամատան եւ անոր տնօրէն Ղասսան Ասսաֆին եւ անոր կնոջ՝ Նենսի Բարիքեան-Ասսաֆին, որոնք համագործակցելով Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին հետ՝ մեծապէս կը քաջալերեն եւ նեցուկ կը կանգնին հայ մշակոյթին: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի մշակոյթի նախարարութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Համազգայինի գործին:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, խօսք առնելով՝ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ Արցախի մշակութային կեանքը լիբանանահայութեան ներկայացնել: Ան ըսաւ, թէ Արցախի մէջ միշտ ալ ապրած ու ստեղծագործած են տարբեր արուեստագէտներ, որոնք ի հեճուկս բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, կրցած են իրենց արուեստի գործերով Արցախի համբաւը բարձր պահել միջազգային հարթակներուն վրայ եւ իրենց ուրոյն տեղը գրաւել հայ մշակոյթի պատմութեան ոսկիէ էջերուն վրայ: Հակառակ այն փաստին, որ Արցախի սահմաններուն վրայ կը շարունակուի պատերազմը եւ զինուոր կը զոհուի, Արցախի մէջ կը տիրէ չակերտաւոր «խաղաղութիւն»ը, բայց Արցախի մէջ նաեւ մշակութային կեանքը երբեք կանգ չէ առած: Արցախի մէջ մարդիկ կ՛ապրին, կը ստեղծագործեն եւ կը պայքարին ո՛չ միայն զէնքով, այլ նաեւ գրիչով ու ստեղծագործական հարուստ ներաշխարհով: Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ Արցախի մէջ մշակութային կեանքը միշտ խոր արմատներ ունեցած է, եւ այդ ստեղծագործական ջիղը վաղնջական ժամանակներէն փոխանցուած ու հասած է մինչեւ մեր օրերը եւ իր ծիլերը տուած է ներկայ սերունդին եւ արուեստագէտներու հոգիին մէջ:
Ելոյթ ունեցաւ գեղանկարիչ Լիանա Քոչարեան: Ան ըսաւ, թէ Արցախի մէջ արուեստագէտները երկար տարիներ դիմակայելով բազմաթիւ հարցեր, պատերազմ, շրջափակում եւ այլ սպառնալիքներ, կը ստեղծագործեն: Ան յայտնեց, որ հայ արուեստագէտը պէտք է մշակ հանդիսանայ, պէտք չէ ընկրկի մարտահրաւէրներու դիմաց, այլ նոր ստեղծագործութիւններով պէտք է հայ մշակոյթը դարձնէ համաշխարհային քաղաքակրթութեան արժանի մաս: Ան հաստատեց, որ Արցախի գեղանկարիչները պատերազմի տարիներուն եւ այսօր իրենց մէկ ձեռքին ունին ինքնաձիգը, իսկ միւսին մէջ՝ վրձինը: Անոնք անկոտրում բնոյթի մարդիկ են, նոյն ժամանակ եւ նուրբ ներաշխարհի տէր:
Խօսեցաւ նաեւ «Ղարաբաղ Կարպետ» ընկերութեան տնօրէն Սեւակ Խաչատրեան: Ան յայտնեց, որ պատիւ ունի Համազգայինի Արցախի գրասենեակին միջոցով ներկայ ըլլալու Սփիւռքի ամէնէն պայծառ համայնքներէն մէկուն՝ Լիբանանի մէջ: «Համազգայինի միջոցով մեր ընկերութեան գորգերու նմուշներէն բերած ենք մեզի հետ: Արցախը կը նկատուի աշխարհի գորգագործական լաւագոյն կեդրոններէն մէկը: Այսօր ալ «Ղարաբաղ կարպետ»ը կը շարունակէ այդ աւանդութիւնը պահպանել եւ աշխարհին ներկայացնել արցախեան լաւագոյն գորգերը: «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը ունի աւելի քան 100 աշխատողներ, որոնք կը ստեղծեն հրաշալիքներ գորգերու տեսքով: 2013ին ստեղծուած ընկերութիւնը Արցախի իշխանութիւններուն պետական աջակցութեամբ նպատակ ունի պահպանել հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող արցախեան գորգագործութեան լաւագոյն աւանդութիւնները եւ գործազրկութեան դէմ դնել ապահովելով բազմաթիւ ընտանիքներու աշխատատեղեր», ըսաւ Խաչատրեան։
Արուեստագէտ Սաթենիկ Հայրիեան, ելոյթ ունենալով՝ ըսաւ. «Համազգայինի հայրենանուէր գործունէութիւնը ինծի համար այնչափ մեծ բացայայտում մըն էր, նոյնպէս շատ յուզուած եւ հիացած եմ ջերմ եւ հոգատար ընդունելութեան համար: Կը փափաքիմ, որ ներկաները Արցախի մշակութային գործերը տեսնելով՝ բացայայտումներ կատարեն Արցախի արուեստագէտներուն մասին»:
Ձեռնարկի աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Ան ըսաւ, թէ հայութիւնը ժառանգած է քարտէս մը, որ որեւէ հայու միտքին մէջ չի տեղաւորուիր: Որեւէ երկրի, որեւէ անկիւն, որեւէ հայ ընտանիք միշտ ալ կը սկսի իր շուրջ համախմբել ամբողջութիւն մը, որ կը կոչուի Հայաստան: Իւրաքանչիւր հայ իր ապրած երկրին մէջ ստեղծած է ու կը ստեղծէ փոքրիկ Հայաստան:
Ձեռնարկին ընթացքին երգիչ Արթուր Խաչենց մեկնաբանեց փունջ մը ազգային-հայրենասիրական երգեր: